Իրաւապաշտպան Արման Թաթոյեան Դիմագիրքի իր էջին կատարած գրառումով կը հաղորդէ, թէ ուսումնասիրութիւնները կ՚ապացուցեն, որ ազերպայճանական կողմը Հայաստանի ու Արցախի հետ սահմանին կը կուտակէ նաեւ յատուկ նշանակութեան զօրքեր: «Սա այն նոյն ձեռագիրն է, որ կար 2020 Սեպտեմբեր 27-էն առաջ»,– գրած է ան ու աւելցուցած, որ նշեալ ստորաբաժանումները թէ´ 2016 Ապրիլեան քառօրեայ, թէ´ 2020-ի 44-օրեայ, թէ´ 2022 Սեպտեմբեր 13-14-ին Ազերպայճանի սանձազերծած պատերազմներուն ուշադրութիւն գրաւած են իրենց յատուկ դաժանութիւններով (խոշտանգումներ, մարմնի մասնատումներ եւ այլն):
«Անկախ ամէն ինչէ` այս զինեալ ստորաբաժանումները պատերազմական յանցանքներ գործողներ են եւ անոնցմէ ոչ մէկը կը պատժուի, զանոնք հովանաւորողն ալ ազերպայճանական բարձրագոյն իշխանութիւնն է»,– կը գրէ Թաթոյեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։