Հայաստանի Մարդկային իրաւանց նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան Դիմագիրքի իր էջին կատարած է հետեւեալ գրառումը.
«Վերջին օրերուն Ազերպայճանի իշխանութեան կողմէ Արցախի նախկին եւ գործող առաջնորդներու, հանրային-պետական գործիչներու ազատազրկումներն ու առեւանգումները,– բացայայտօրէն անօրինական եւ բացարձակ կամայական,– յանցաւոր արարքներ են:
Այս որոշումները բացառապէս պայմանաւորուած են Ազերպայճանի իշխանութեան հայատեաց ֆաշական քաղաքականութեան, վրէժի շարժառիթներով:
Արցախի նախագահները, Ազգային ժողովը, պետական միւս հաստատութիւնները կը խորհրդանշեն Արցախի պետականութիւնը, հայ ժողովուրդի անկոտրում ոգին ու մեր զարթօնքը, մեր իրաւունքներու համար արդար պայքարը:
Հետեւաբար, Պաքուի իշխանութիւնը այս անօրինական ազատազրկումներով ու քաղաքական հետապնդումներով իրեն համար ընդհանուր հարցեր կը լուծէ` նուաստացնել հայ ժողովուրդը, նսեմացնել մեր ազգային արժէքները, ոչնչացնել պայքարի ոգին ու մեր ինքնութիւնը, իբրեւ թէ ցոյց տալու իրենց ժողովուրդին առաւելութիւնները հայ ժողովուրդի ազգային ու անձնական արժանապատւութիւնը նուաստացնելու հաշուոյն:
Ակնյայտ է, որ Ալիեւի իշխանութիւնը յատուկ նոյն այս նպատակներով ալ հրապարակած է անոնց բոլորին ազատազրկման ու հետապնդման տեսանիւթերն ու լուսանկարները:
Հետեւաբար, ազերպայճանական անօրինական գերութենէ անոնց ազատ արձակումը բոլորիս խնդիրն է: Հայաստանի իշխանութիւնը ունի՛ բոլոր քայլերը գործադրելու իրաւական ուղղակի պարտաւորութիւն` անօրինական հետապնդումներէ մեր հայրենակիցները ազատելու համար:
Ինչպէս արդէն ըսած եմ, անոնց ազատ արձակումը ձեռք ձգելու համար Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին դիմելը անհրաժեշտ է, բայց ոչ՝ բաւարար. ատոր համար հարկ են քաղաքական ու իրաւական քայլեր»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։