Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան Յունիս 22-ին մասնակցած է «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կազմակերպութեան եւ ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Ֆորում 405» կրթական համաժողովին՝ «Ինչպէս նորարարութեան եւ առաջնորդութեան միջոցով սկիզբ տալ հայկական վերածնունդին» խորագրին ներքոյ:
Նախարարը ողջունած է նախաձեռնութիւնը, որու շրջանակին մէջ Հայաստանի ու Արցախի կրթական համակարգերու հարիւրաւոր ներկայացուցիչներ կը քննարկեն առկայ մարտահրաւէրները, կիրարկուող լուծումներն ու ապագայի ընելիքները:
Բեգլարեան անդրադարձած է յետպատերազմական իրականութեան մէջ դասաւանդման եւ ուսումնառութեան առանձնայատկութիւններուն ու խնդիրներուն: “Պատերազմի հետեւանքով ինչպէս Արցախի ամբողջ հասարակութեան, այնպէս էլ կրթական համակարգում ծագել կամ սրուել են բազմաթիւ հիմնախնդիրներ, որոնք բացասական անդրադարձ են ունենում կրթութեան որակի վրայ՝ ազդելով բոլոր հիմնական դերակատարների՝ աշակերտների, ուսուցիչների ու ընտանիքների վարքի ու հոգեբանութեան վրայ: Մենք պարտաւոր ենք արդիւնաւէտ ու նորարարական լուծումներ տալ այդ հիմնախնդիրներին՝ ձգտելով մի կողմից չէզոքացնել դրանց բացասական ազդեցութիւնը, միւս կողմից՝ ճգնաժամն օգտագործել որպէս հնարաւորութիւն վերածննդի ու հետագայ զարգացման համար: Այստեղ գլխաւոր դերը պատկանում է ուսուցիչներին, որոնց պէտք չէ միայնակ թողնել՝ աջակցելով վերապատրաստումներով ու մշտական խորհրդատւութեամբ, իսկ աշակերտները պէտք է լինեն ներառական, գործնական ու գաղափարական ուշադրութեան ներքոյ”,– նշած է ԱՀ Պետական նախարարը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։