Արտակարգ Իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեան լրագրողներուն յայտնած է, թէ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի պայթումին հետեւանքով Օգոստոս 17-ին ունինք 16 զոհ եւ երկու անհետացած։
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ շէնքին մէջ, սկզբնական գնահատականներով, 4 թոն պայթուցիկ նիւթ կար, նախքան պայթումը։
Նշենք, թէ «Սուրմալու»-ի պայթումին զոհ գացած յղի Սիրարփի Խաչատրեանի, անոր 4-ամեայ մանչուկին եւ քրոջ յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Օգոստոս 18-ին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։