Search
Close this search box.

ԱՐՑԱԽ – «Մե՛նք ենք մեր սարերը» յուշարձանը ներկայացուած է իբրեւ  «ազերպայճանական մշակութային ժառանգութիւն»

Հայկական լեռնաշխարհի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կեդրոնը ահազանգ կը հնչեցնէ.

«Ազերպայճանի պետական վարչակազմը կը շարունակէ իւրացնել Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը։ Այդ երկրի իշխանութիւններու թիրախին յայտնուած է այս անգամ ալ “Մե՛նք ենք մեր սարերը” յուշարձանը, որ ազերպայճանական կայքերը կը ներկայացնեն իբրեւ “ազերպայճանական մշակութային ժառանգութիւն”։

Կարմիր տուֆէ պատրաստուած յուշարձանը Արցախի մէջ տեղադրուած է 1967-ին։ Քանդակագործն է Սարգիս Բաղդասարեան, ճարտարապետը՝ Եուրի Յակոբեան»։