Փետրուար 20-ին, Արցախեան շարժումին 36-ամեակին առիթով, Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունցի, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի, Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Սերգեյ Ղազարեանի, արցախցի այլ պաշտօնատարներուն հետ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է հայրենիքի համար իրենց կեանքը զոհած ազատամարտիկներու յիշատակին։
Սամուէլ Շահրամանեան տեղւոյն վրայ ներկայ լրագրողներու հարցումներուն չէ պատասխանած եւ լուռ հեռացած է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։