Search
Close this search box.

Արցախէն Հայաստան փոխադրուած Սարգիս Գալստեան ԱԱԾ-ի կողմէ ձերբակալուած եւ բանտարկուած է լրտեսութեան մեղադրանքով

Արցախի հայաթափումէն յետոյ Ստեփանակերտ մնացած Սարգիս Գալստեան եւ կինը Մարգարիտա Շահնազարեան Մարտ 29-ին, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ուղեկցութեամբ Հայաստան փոխադրուած էին։ Նոյն օրը Գորիսի մէջ Սարգիս Գալստեան ձերբակալուած է Ազգային Անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) կողմէ  եւ բանտարկուած՝ լրտեսութեան մեղադրանքով։

Սարգիս Գալստեան Արցախի մէջ երկար տարիներ տարբեր պաշտօններ վարած է. 1990-ականներուն մասնակցած է պատերազմական գործողութիւններուն, եղած է Շուշիի վարչական շրջանի ղեկավարի տեղակալ, ապա աշխատած Կրթութեան նախարարութեան մէջ։ Իսկ Սեպտեմբեր 19-ի ադզերպայճանական յարձակումէն հետք, ըստ անոր եղբօրորդի արցախցի երեսփոխան Դաւիթ Գալստեանի, մէկ այլ պաշտօնի նշանակուած էր։