Search
Close this search box.

ԱՐՑԱԽԸ ԿԸ ՉԱՓԷ ՄԵՐ ԲԱԶԿԵՐԱԿԸ…

Հայ մամուլը եւ լրատուական այլաբնոյթ հարթակներ, շաբաթներէ ի վեր, ահազանգ կը հնչեցնեն Արցախի մասին։ Կը գրեն ու կը բացատրեն, թէ հարիւր հազարէ աւելի Արցախցիներ ճակատագրական օրեր կ՚ապրին այնտեղ` իրենց պապենական հողերուն վրայ, ինը ամիս է զրկուած ըլլալով արտաքին աշխարհէ հասնելիք ամէն տեսակի օժանդակութենէ։ Թշնամին ամէն օր հնարք մը կը փորձէ` աքցանի մէջ առնուած Արցախը քիչ մը աւելի ճզմելու, զայն աւելի յուսահատեցնելու համար։

Վերջին երկու շաբաթներուն` կացութիւնը դարձած է աւելի քան ողբերգական։ Դանակը հասած է ոսկորին։ Երախաները խմելիք պուտ մը կաթ չունին, հիւանդները դեղ չունին, հաց չկայ, կանաչեղէն չկայ, վառելանիւթ չկայ, կազ չկայ։ Կեանքը շարունակելու ամենատարրական տուեալները ՉԿԱՆ։

Ազերպայճան, իր մեծ եղբօր` Թուրքիոյ թելադրանքով, «խաղաղապահ» ուժերու ալ մեղսակցութեամբ, կը ջանայ ծունկի բերել Արցախը, արիւնաքամ ընել զայն։ Ու կը յաջողի։

Հորիզոնին վրայ արդէն տխրօրէն կ՚ուրուագծուի Արցախի վերջնական ՀԱՅԱԹԱՓՈՒՄԸ…։

Այս ողբերգական պայմաններուն մէջ, մինչ Արցախի մեր արիւնակիցները ՍՈՎԱՀԱՐ ԵՆ` բառին հարազատ իմաստով, ինծի համար անհասկնալի ու անմեկնելի է մեր ժողովուրդին միւս երկու հատուածներուն` հայրենաբնակներուն եւ սփիւռքահայերուն ցուցադրած ՑՈՓՈՒԹԻՒՆԸ` խնճոյքի սեղաններու շուրջ…։

Դեռ առջի օր ժապաւէններ կը դիտէի Երեւան հաւաքուած հալէպահայերու մէկ ճաշին մասին` արտակարգօրէն ճոխ ու յորդառատ սեղաններու շուրջ…։ Այլ սրահի մը մէջ, դա’րձեալ Երեւան, սփիւռքահայ ծանօթ երգիչ մը երկինքը կը թնդացնէր իր արաբախառն աղմկոտ երգերով։ Հարիւրաւորներ` կը պարէին կիսագինով…։ Իսկ Դիմագիրքի էջերուն վրայ շարան֊շարան կը տողանցեն ծանուցումները մեր գաղութային միութիւններուն` հրաւիրելով հանրութիւնը ընթրիքի, հացկերոյթի, պարտիզագնացութեան կամ աւազանագնացութեան, միշտ «ճոխ ու շէն» մթնոլորտով։

Խորթ եւ ծուռ բան մը չկա՞յ այս բոլորին մէջ։ Հակասական բեւեռներու վրայ չե՞նք ազգովին։

Կա՛մ այն է որ կեղծ են Արցախի նկատմամբ մեր իրական զգացումները, շինծու են յեղյեղուող լոզունգները, կա՛մ ալ անզգամ դարձեր ենք անհատաբար թէ հաւաքաբար։

Երկու պարագային ալ` ՀԱՅՐԵՆԻՔ ունենալու, մա՛նաւանդ հայրենիք վերաշահելու արժանի չենք։

   Լ. Շառոյեան (Հալէպ)