Search
Close this search box.

Արցախի Անկախութեան օրուան առթիւ նախագահ Շահրամանեան, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ ու հոգեւոր հայրեր այցելած են Եռաբլուր

33 տարի առաջ՝ Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախը հռչակեց իր անկախութիւնը Խորհրդային Միութենէն:

2023 Սեպտեմբեր 19-ին, Ազերպայճան լայնամասշտաբ յարձակում ծաւալեց Արցախի Հանրապետութեան դէմ։  2023 Սեպտեմբերին բռնի տեղահանուած  աւելի քան 120 հազար արցախցի այսօր հաստատուած է Հայաստան, սակայն անոնցմէ շատ-շատերու երազանքն է՝ կրկին վերադառնալ Արցախ:

Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի Անկախութեան օրը, Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան, հասարակական ու քաղաքական գործիչներ, հոգեւորականներ այցելած են Եռաբլուր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Արցախի համար իրենց կեանքը նուիրած նահատակներու անմահ յիշատակին։

Եռաբլուրի մէջ տեղի ունեցած է հոգեւոր արարողութիւն, խնկարկում եւ ծաղկեպսակներու զետեղում՝ զոհուածներու շիրիմներուն։

Երիտասարդներու Flash Mob-ը՝ նուիրուած Արցախի Անկախութաան օրուան

Սեպտեմբեր 2-ին, Երեւանի մէջ ուշագրաւ Flash Mob (յանկարծական արարք) կատարած են երիտասարդները․ Հայաստանի եւ Արցախի հսկայական դրօշները ծածանած են Կասկադի վերեւ՝ «Վերածնուած Հայաստան» կոթողին մօտ։