Արցախի խորհրդարանի երեսփոխան Դաւիթ Գալստեան News.am-ին յայտնած է, թէ Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած Արցախի նախկին ու ներկայ բարձրաստիճան դէմքերը պարբերաբար կապի մէջ են Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ։
“Մեր գերիները պարբերաբար կապի մէջ են ոչ միայն իրենց ընտանիքներուն, այլ նաեւ Արցախի նախագահին հետ։ Անոնք կը խօսին իրենց առողջական վիճակին մասին․ կ՚ըսեն, թէ խոշտանգման չեն ենթարկուիր”,– նշած է երեսփոխանը։
Ինչ կը վերաբերի գերիներու վերադարձի հարցին, ան ըսած է, թէ անոնք առանց բանակցութեան գերիները չեն վերադարձներ։
Անդրադառնալով Արցախի Ապահովութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Սամուէլ Բաբայեանի այն յայտարարութեան, թէ Շահրամանեան կապի մէջ է ազերպայճանական կողմին հետ, Գալստեան ըսած է. “Լաւ պիտի ըլլար, որ Սամուէլ Բաբայեան իր կապերը բացայայտէր՝ փոխանակ Արցախի նախագահը սա կամ նա կապով մեղադրելու”։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։