Search
Close this search box.

Արցախի եւ Սիւնիքի սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ՝  «Երաժշտութիւն յանուն խաղաղութեան եւ յոյսի»

 

Հայաստանի երաժիշտներու միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբ՝ Յուլիս 23-էն 27 Սիւնիքի եւ Արցախի սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ կը ներկայացուի «Երաժշտութիւն յանուն խաղաղութեան եւ յոյսի» ծրագիրը, իսկ եզրափակիչ համերգը տեղի կ՚ունենայ Յուլիս 27-ին՝ Ստեփանակերտ: 

Երաժիշտներու միութեան անդամ արուեստագէտներ՝ Մարտին Վարդազարեան, Էդգար Գեանջումեան, Վահէ Հայրապետեան, Նարինէ Զարիֆեան, Աշոտ Ղազարեան եւ Էդմոնդ Մակարեան, Միութեան նախագահ Արամ Սաթեանի գլխաւորութեամբ հանդիսատեսին կը ներկայացնեն իրենց ստեղծագործութիւնները: Բեմ կը բարձրանան նաեւ մենակատարներ՝ Արման Աբրահամեան, Լուսինէ Կչոզեան, Մարինա Խանդանեան, Արմէն Մկրտչեան:

Ծրագիրը սկիզբ կ՚առնէ Շինուհայր գիւղէն՝ Յուլիս 23-ին: Յուլիս 24-ին կը նախատեսուին համերգներ Քարահունջ եւ Խնձորեսկ գիւղերուն մէջ, Յուլիս 25-ին՝ Տեղ և Աղաւնոյ գիւղերուն, Յուլիս 26-ին՝ Ճարտար եւ Մարտունի քաղաքներուն մէջ: Ստեփանակերտ կայանալիք համերգը տեղի կ՚ունենայ «Սայեաթ-Նովա» երաժշտական գոլէժի համերգասրահին մէջ: