Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան 2024 Դեկտեմբեր 30-ին «The European Conservative» («Եւրոպական պահպանողական») պարբերականին տուած հարցազրոյցին խօսած է Արցախի պատմութեան, ազերպայճանական բռնագրաւումէն ետք արցախահայութեան կացութեան եւ քրիստոնեայ հալածուած հաւատացեալներուն աջակցելու միջոցներուն մասին։
* * *
– Հայաստան կը համարուի աշխարհի ամէնէն հին քրիստոնեայ ազգը։ Արդեօք Եւրոպական երկիրները բաւարար քայլերու ձեռնարկեցի՞ն՝ պաշտպանելու համար Արցախի հայերը ազերպայճանական, իսկ աւելի լայն առումով՝ թրքական (փանթուրքական) նուաճողութենէն։
– Մենք, ըլլալով աշխարհի հնագոյն քրիստոնեայ ազգերէն մէկը, ցաւով պէտք է ըսենք, թէ եւրոպական երկիրները անտարբեր կեցուածք դրսեւորեցին հայ ժողովուրդի արցախեան հատուածին՝ քաղաքակիրթ կոչուած 21-րդ դարուն, անոր հայրենիքին մէջ իրագործուած ցեղասպանական քաղաքականութեան ու հայրենազրկման կամ, այլ կերպ ըսած, ամբողջ ժողովուրդի մը նկատմամբ գործուած ծանր յանցագործութեան նկատմամբ։ Այդպիսի սառն ու անտարբեր վերաբերումը անսպասելի էր։ Անսպասելի էր նաեւ յանուն մարդկային ամէնէն տարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան այդ նոյն քաղաքակիրթ պետութիւններուն կողմէ կեանքի կոչուած միջազգային կառոյցներու դրսեւորած նոյնատիպ անտարբեր վերաբերումը։ Ակնյայտ իրողութիւն է, որ այդ վերաբերումը պատճառ հանդիսացաւ մեծ ողբերգութիւններու, մինչ անկէ զերծ չէ ոչ մէկը։ Ուրեմն խօսիլը «ձեռնարկուած քայլերու բաւարար կամ անբաւարար» ըլլալուն մասին, մեր կարծիքով անիմաստ է։
– Սրբազան Հայր, կը խնդրէինք մեր ընթերցողներուն ընդարձակ պատկերացում տալ Արցախի տարածքի քրիստոնէութեան պատմութեան մասին։
– Մեծ սիրով, քանի որ հարցը կարեւոր ու այժմէական կը համարենք: Ցաւօք, ներկայիս, այդ նոյն քաղաքական նկրտումներէն դրդուած, Ազերպայճանի կողմէ կը տարածուին այնքա՜ն հիմնազուրկ ու կեղծ թեզեր, որոնք ի հարկէ լուրջ գիտական շրջանակներու մէջ չեն կրնար տեղ գտնել, բայց յամենայն դէպս լայն խաւերու մէջ, կրնանք ըսել, թէ որոշ չափով կը տարածուին։
Ինչ կը վերաբերի քրիստոնէութեան տարածման, ապա, հիմք ընդունելով հայ պատմիչներու (Ագաթանգեղոս, Մովսէս Խորենացի, Մովսէս Դասխուրանցի, Ստեփանոս Օրբելեան) հաղորդած տեղեկութիւնները, կրնանք հաստատել, որ քրիստոնէութիւնը Փրկչի երկրաւոր կեանքի օրերէն առաքեալներու միջոցով քարոզուած ու տարածուած է Մեծ Հայքի մէջ: Ակնյայտ է, որ Արցախը,– իբրեւ Մեծ Հայքի նահանգներէն մէկը,– եւս ներառուած էր քրիստոնէական քարոզչութեան ուղեծիրին մէջ։ Համաձայն պահպանուած սկզբնաղբիւրներու՝ Սուրբ Թադէոս առաքեալի աշակերտներէն Ս. Եղիշէն, շարունակելով առաքեալներու սուրբ գործը, ինչպէս Հայոց Արեւելից կողմերուն, այնպէս եւ Հայաստանի ու Աղուանքի միջեւ սահմանագիծ համարուող Կուր գետի ձախափնեայ հատուածներուն, այսինքն բուն Աղուանքի մէջ, հիմնադրած է քրիստոնէական համայնքներ: Եւ պատահական չէ, որ Արցախի եւ Ուտիքի մէջ կառուցուած մեծ թիւով եկեղեցիներ կը կրեն Ս.Եղիշէի անունը:
Եպիսկոպոսանիստ Ս. Դադի վանքը ըստ աւանդութեան հիմնադրուած է առաջին դարու 2-րդ կէսին` քրիստոնէական քարոզչութեան համար նահատակուած Սուրբ Թադէոս առաքեալի 70 աշակերտներու շարքին դասուած Դադիի գերեզմանի վայրին մէջ: Հաւանաբար նոյն այդ նկատառումով է, որ Մխիթար Գոշ վանքը կը յիշատակէ Առաքելադիր անունով, իսկ Մ. Կաղանկատուացին 7-րդ դարուն իսկ զայն յիշատակած է «Դադոյի վանք» ձեւով:
Այսպէսով, ցայսօր պատմագիտութեան յայտնի փաստերը կը վկայեն, որ Մեծ Հայքի եւ անոր հիւսիս-արեւելեան Արցախ եւ Ուտիք նահանգներուն մէջ քրիստոնէութիւնը առաքեալներու օրերէն սկսեալ շարունակաբար տարածուած ու արմատաւորուած է: Եւ ամբողջովին տրամաբանական է, որ Հայոց եկեղեցին Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանեանի բնորոշումով «ամէն ատեն սեփականացուցած եւ իւրացուցած է “Առաքելութեան կնիքը”», այսինքն հանդէս եկած է իբրեւ Հայ առաքելական եկեղեցի։
Հայոց աշխարհին մէջ քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման ուղղութեամբ կարեւորագոյն դերը կը պատկանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին։ Անոր ջանքերով է, որ քրիստոնէութիւնը առաջին անգամ Հայաստանի մէջ հռչակուեցաւ պետական կրօն։ Հայոց առաջին Հայրապետը մեծ ջանքերով ու ոգեւորութեամբ քարոզած եւ ամէնուրեք եկեղեցիներ հիմնադրած է, քահանաներ կարգած եւ դպրոցներ բացած։ Եւ այս ամէնուն մէջ Արցախը կարեւոր ու կեդրոնական տեղ ունէր։ 5-րդ դարու պատմագիր Փաւստոս Բիւզանդի, աւելի ուշ, յատկապէս 7-րդ դարուն Մ. Կաղանկատուացիի վկայութեամբ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ շրջագայած է նաեւ Հայոց Արեւելից կողմերը եւ հասնելով Ամարաս գիւղաքաղաքը, այնտեղ ալ եկեղեցի կառուցած է:
Մատենագրական աղբիւրները, մասնաւորապէս Մովսէս Խորենացիի, Փաւստոս Բիւզանդի, Մովսէս Կաղանկատուացիի հաղորդած տեղեկութիւնները, կը փաստեն, որ Լուսաւորչէն յետոյ Հայոց Արեւելից կողմերու քրիստոնէական լուսաւորութեան առաքելութիւնը ստանձնած էր անոր թոռը՝ տակաւին պատանի Սուրբ Գրիգորիսը:
Շարունակելով իր քարոզչութիւնը, Սուրբ Գրիգորիս չէ սահմանափակուած միայն Հայոց Արեւելից կողմերը քրիստոնէութեան տարածումով: Ան իր աշակերտներուն հետ կ՚անցնի անդրկուրեան Աղուանք, կը հասնի մինչեւ հիւսիս-արեւելքը գտնուող մասքութներու երկիրը, ուր ալ կը նահատակուի: Սուրբ Գրիգորիսի նահատակութենէն ետք, ինչպէս կը հաղորդէ Փաւստոս Բիւզանդ, անոր հետ գացած աշակերտները Սուրբին մասունքները կը բերեն եւ կը յուղարկաւորեն Հայոց Հաբանդ գաւառի Ամարաս գիւղի Մեծն Սուրբ Գրիգորի կառուցած եկեղեցւոյ մէջ:
Յամենայն դէպս, մինչեւ 2023-ի Արցախի բռնագրաւումը, Ամարասի մէջ կը պահպանուէր Սուրբ Գրիգորիս հայրապետի դամբարանը, որ կը կրէր հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Դամբարանն սրբոյն Գրիգորիս Աղուանից կաթողիկոսի թոռան եւ սուրբն Գրիգորիս Լուսաւորչի Պարթեւի, ծնեալ յամի ՅԻԲ (322), եւ օծեալ ՅԽ (340) նահատակեալ ՅԽԸ (348)-ը Սանեսան թագաւորէն Մազքթաց ի Դերբենդ, բերեալ յԱմարասն սուրբ նշխարի ձեռն ձեռնասուն սարկաւագաց նորին Արցախունի»։ Պատահական չէ, որ Ամարասը հայ ժողովուրդի՝ բոլոր ժամանակներու ամէնէն սիրուած ու կարեւոր սրբավայրերէն մէկը կը համարուէր:
– Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ փոխուած է համաշխարհային կացութեան մէջ, որ կարելիութիւն ընձեռած է Ազերպայճանին նախաձեռնելու գործողութիւններ Արցախի հայ բնակչութեան դէմ: Յարաբերական կայունութիւնը կը պահպանուէր 1990-ական թուականներու սկիզբէն, երբ տեղացի քրիստոնեաները առաջին անգամ հռչակեցին Արցախի անկախութիւնը:
– Հարցումին պատասխանը ստիպուած ենք վերջին մասէն ներկայացնելու եւ ըսելու, թէ Արցախը ոչ թէ առաջին անգամ իր անկախութիւնը հռչակած է 1991-ին, այլեւ նախորդ դարերուն։ Քաղաքական տարաբնոյթ իրադարձութիւններու ազդեցութեան հետեւանքով Արցախի մէջ գրեթէ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են ինքնուրոյն իշխանական, պետական կազմաւորումներ, յանձինս մելիքութիւններու, կամ 20-րդ դարասկիզբին՝ 1917-1921 գործած Ղարաբաղի Հայոց Ազգային խորհուրդի եւ կառավարութեան: Սա է նաեւ պատճառը, որ երբ 1921-ին Ղարաբաղը Ռուսաստանի համայնավար կուսակցութեան ապօրինի որոշումով բռնակցուած է Ազերպայճանին, տեղւոյն հայութիւնը մինչեւ 1980-ական թուականները ոչ միայն բացարձակապէս չէ ընդունած, այլեւ տարբեր ճամբաներով ու կարելի բոլոր միջոցներով արտայայտած է իր բողոքը այդ ապօրինի որոշման դէմ:
Ինչ կը վերաբերի Ազերպայճանի յարձակման նախադրեալներուն, ապա ռուս-ուքրաինական պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած միջազգային խառնաշփոթ իրավիճակը, միջազգային կարեւոր դերակատար երկիրներու միջեւ վարագոյրներու ետին գոյացած համաձայնութիւնները ակնյայտօրէն կարեւոր հիմք հանդիսացան Արցախի շուրջ ողբերգական իրադարձութիւններու ծաւալման: Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ անմիջական հովանաւորութեամբ ու ռազմական աջակցութեամբ Ազերպայճան ռազմական յարձակում սկսաւ Արցախի բռնագրաւման յստակ ծրագրով։
– Շատ մը զեկոյցներու մէջ կը խօսուի եկեղեցիներու եւ այլ քրիստոնէական սրբավայրերու պղծման եւ ոչնչացման մասին: Ներկայիս ի՞նչ կացութիւն կը տիրէ Արցախի մէջ տակաւին բնակող քրիստոնեաներու համար: Եւ որքա՞ն է անոնց թիւը:
– Ոչ միայն զեկոյցներու մէջ կը խօսուի, այլեւ համացանցի վրայ տեղադրուած բազմաթիւ տեսանիւթեր ակնյայտօրէն կը վկայեն հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ այդ երկրի կողմէ պետականօրէն տարուող վանդալական քաղաքականութեան մասին: Ամէն ոք գիտէ, որ տակաւին 2020-ի ռազմական գործողութիւնները կ՚ուղեկցուէին հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ակնյայտ ոչնչացումով, այդ նպատակով՝ նաեւ գերարդիական պայթուցիկ զէնքերու գործածութեամբ:
2020 Հոկտեմբեր 8-ին Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին կրկնակի հրետակոծութեան ենթարկուեցաւ, փաստ մը, որ Ազերպայճանի նախագահը միջազգային լրասփիւռներու հարցադրումներուն ի պատասխան՝ պարզապէս ներկայացուց իբրեւ պատահականութեան հետեւանք: Պատերազմէն անմիջապէս ետք, նոյն Շուշիի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին, կամ այլ անուանումով՝ Կանաչ Ժամը պայթեցնելէ ու 2023-ին Արցախը ամբողջութեամբ գրաւելէ ետք, այդ եկեղեցին հիմնովին աւերելը ինքնին վկայութիւններ են, որ Արցախը երբեք չէ պատկանած Ազերպայճանին, հետեւաբար այլեւս զարմանալի չէ բնիկ հայկական տարածքին մէջ՝ հայու նուազագոյն հետքի իսկ վերացման ազերպայճանական քաղաքականութիւնը: Աւելցնենք նաեւ, որ պատերազմէն յետոյ համացանցի վրայ յայտնուած Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին պատկերող տեսագրութիւններն ալ արդէն իսկ մատնացոյց կ՚ընեն այդ եկեղեցւոյ ձեւախեղման մասին եւս: Տիգրանակերտի տարածքին յայտնաբերուած եւ 5-րդ դարուն վերագրուող եկեղեցւոյ հիմքերը ազերպայճանցի այսպէս կոչուած «մասնագէտները» կը փորձեն ներկայացնել իբրեւ մահմետական բաղնիք: 2021 Մարտ 27-ին իրենց հրապարակած տեսանիւթին մէջ ազերպայճանցի զինուորականները լկտիաբար կ՚անարգեն, վանդալական արարքներու կ՚ենթարկեն Մարտակերտի շրջանի Մատաղիսի Ս. Եղիշէ եկեղեցին:
Մեր կարծիքով՝ 2021 Մարտին Հադրութի Ծակուռի վանքի բակին մէջ Ազերպայճանի նախագահին հնչեցուցած բացայայտ հրահանգը հայկական յուշարձաններէն հայատառ բոլոր գրութիւնները ջնջելու մասին,– այն ալ ամբողջովին կեղծ ու անհիմն մեկնաբանութիւններով,– պէտք է որ արժանանար միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւններու պատշաճ պատասխանին: Սակայն կրկին ու կրկին անտարբերութիւն տիրեց համամարդկային պատմական ժառանգութեան ծագումնաբանութեան ու ինքնութեան խեղաթիւրման, ոչնչացման նկատմամբ: Եւ պատահական չէ, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան ինքնութեան խեղաթիւրման կամ ոչնչացման նպատակով կատարուած այդ հրահանգներն ալ կ՚իրականացուին ամբողջովին անարգել կերպով: Այդ յայտարարութիւններէն անմիջապէս ետք, Ազերպայճանի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ ստեղծուած է յատուկ յանձնախումբ մը, որու տրուած է՝ բոլոր միջոցներուն ձեռնարկելով՝ հայերու կողմէ իբրեւ թէ «ալպանական» տաճարներուն վրայէն հայկական հետքերը ջնջելու պարտականութիւնը: Այս գործն ալ այսօր կ՚իրագործուի բացայայտօրէն, իսկ օրինակները բազմաթիւ են:
5-13-րդ դարերուն կառուցուած Սուրբ Դադի առաքեալին նուիրուած հայկական նշանաւոր հոգեւոր կեդրոն Դադիվանքի, ինչպէս նաեւ Ամարասի եւ մեր միւս հոգեւոր կեդրոններու յանձնումը ուտիական (աղուանական) համայնքին ու նմանատիպ բազմաթիւ այլ ձեռնարկները՝ հայկական հոգեւոր-կրօնական ժառանգութեան բացայայտ նենգափոխման փաստեր են ու տգիտութեան պարզունակ արտայայտութիւն: Այն աստիճան, որ կը յանդգնին նոյնիսկ Գանձասարը յայտարարել ոչ-հայկական: Եւ այս ամէնը կ՚իրականացուի քաղաքական յստակ նպատակներով ու այդ երկրի բարձրաստիճան ղեկավարութեան ցուցումներով։ Ատոր մասին փաստող վկայութիւններէն է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ 2021 Մայիս 28-ի հարցազրոյցը, որ տարածուած է համացանցով։ Ազերպայճանի գերագոյն ղեկավարը բացայայտօրէն յայտարարած է․ «Ոեւէ մէկը չի կրնար ճնշում գործադրել մեր վրայ, ոեւէ մէկը չի կրնար ազդել մեր վրայ: Հիմա որոշ հայամէտ երկիրներ որոշ յայտարարութիւններ կ՚ընեն, թո՛ղ ընեն, այդ իրենց գործն է, Եւրոպական խորհրդարանն ալ յաջորդական բանաձեւը ընդունած է՝ կեղծ տեղեկութիւններու հիման վրայ: Ես երբեք անոնց ուշադրութիւն չեմ ընծայեր, կարեւոր ալ չեն: Կարեւորը այն է, որ մենք այստեղ ենք այսօր, կանգնած ենք եւ պիտի շարունակենք այստեղ ապրիլ՝ յաւերժ»:
Ինչ կը վերաբերի Արցախի մէջ տակաւին ապրող քրիստոնեաներու վիճակին՝ պատասխանը շատ պարզ ու յստակ է. 2023 Սեպտեմբերին ամբողջ արցախահայութիւնը ցեղասպանութեան սպառնալիքի տակ լքած է իր հայրենի բնօրրանը, այնտեղ մնացած էին հազիւ մէկ տասնեակի հասնող եւ իրականութեան մէջ առանձին ապրող հայեր, որոնք որոշ առողջական խնդիրներ ունէին: Անոնց մէկ մասն ալ Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան միջոցով ստիպուած որոշ ժամանակ յետոյ դուրս եկած է: Մէկ կամ երկու հոգիի հոն գտնուելուն եւ անոնց ենթարկուած անմարդկային վերաբերումին ու ծաղրանքներուն մասին ալ համացանցի տեսանիւթերէն կ՚իմանանք:
– Համոզուած ենք եւ արդարօրէն կարելի է ըսել, թէ Արցախի հակամարտութիւնը, ի վերջոյ, կը բխի սովետական իշխանութեան կողմէ տեղւոյն վրայ առկայ ցեղային եւ կրօնական իրականութիւններու անտեսումէն եւ տարածքի յանձնումէն՝ ազերպայճանական ԽՍՀ–ին: Ինչո՞ւ, ըստ ձեզի, այդպէս եղաւ: Կը կարծէ՞ք արդեօք, որ թերեւս սովետական իշխանութիւններու հակաքրիստոնէական մօտեցումը դեր խաղացած է:
– Ի սկզբանէ ըսենք, որ հարցը թէ՛ բաւական լայնածաւալ է, թէ՛ միաժամանակ այժմէական ու կարեւոր՝ յատկապէս ներկայ իրողութիւնները հիմնովին ընկալելու տեսանկիւնէն։ Նախ, կարեւոր կը համարենք ընդգծել, որ ան իր հիմքով ամբողջովին քաղաքական որոշում մըն էր եւ չենք կարծեր, որ կապուած էր սովետական իշխանութիւններու հակաքրիստոնէական մօտեցումներուն։ Յայտնի փաստ է, որ մինչեւ 1918 թուականը տարածաշրջանին մէջ Ազերպայճան անունով պետական որեւէ կազմաւորում գոյութիւն չէ ունեցած։ 1918-ին, երբ Ռուսաստանի մէջ ներքին անկայուն իրավիճակ կը տիրէր, Թուրքիա՝ կրկին անգամ յարձակած ու նոր փորձ մը կատարած է Այսրկովկասը նուաճելու յստակ նպատակով, որ ակնյայտօրէն չյաջողեցաւ, շնորհիւ Մայիսեան հերոսամարտերուն, ի դէպ որոնց աշխուժօրէն մասնակցած են նաեւ արցախահայերը։ Թուրքիա, յամենայն դէպս, չհրաժարելով իր քաղաքական ծրագրերէն, փորձած է զանոնք լուծել կարելի այլ մեթոտներով։ Եւ քանի որ Արցախը զէնքով նուաճելու 1918-1920 թուականներու ազերպայճանական փորձերը ձախողած էին, Լենինի գլխաւորած բոլշեւիկեան կառավարութեան միջոցով, այսինքն՝ այսպէս կոչուած «դիւանագիտական ճամբով», Արցախի հարցը լուծուեցաւ յօգուտ Ազերպայճանի։
Ծանօթ փաստ մըն է, որ մինչեւ 1921 թուականը Արցախը նորահռչակ Ազերպայճանի կազմին մէջ չէ եղած։ Բոլշեւիկեան իշխանութիւնը իր նոր դաշնակից՝ Թուրքիան սիրաշահելու նպատակով 1921 Մարտ 16-ին Մոսկուայի մէջ կնքած ռուս-թրքական պայմանագրով նախ Նախիջեւանը Հայաստանէն անջատեց ու տուաւ Ազերպայճանին, ապա՝ 1921 Յուլիս 5-ին՝ նաեւ Արցախը։ Ի դէպ, 1921-ին այդ ապօրինի որոշման դէմ Արցախի մէջ տեղի ունեցած են բողոքի շարժումներ, որոնք յանգեցուցած են զինեալ ապստամբութեան։ Յամենայն դէպս, որոշումը մնաց նոյնը եւ Արցախը այդպէսով յայտնուեցաւ Ազերպայճանի կազմին մէջ։ Հայութեան նկատմամբ միակ զիջումը, որ նաեւ կը բխէր համայնավարներու որդեգրած ազգերու ինքնորոշման քաղաքականութենէն, այն էր, որ աւելի քան 95 տոկոս քրիստոնեայ հայ ազգաբնակչութիւն ունեցող Արցախին «շնորհուեցաւ» ինքնավար մարզի կարգավիճակ։ Սա Խորհրդային Միութեան վարչական համակարգին մէջ ընդունուած ձեւաչափ էր. այսինքն ցեղային սկզբունքով տարածքին ինքնավարութիւն շնորհելը։ Հարկ կը համարենք ընդգծել նաեւ, որ Խորհրդային Միութեան ամբողջ տարածքին միայն Արցախն էր, ուր կը գործէր ո՛չ մէկ եկեղեցի։
Ես կը հաւատամ, որ Աստուածապարգեւ Հայաստան աշխարհի անբաժանելի մաս հանդիսացող Արցախը կրնայ կրկին դառնալ հայկական եւ քրիստոնէական, եթէ մենք կարողանանք հասկնալ եւ գիտակցիլ այն սխալները, թերացումները, որոնք գումարուեցան ու պատճառ հանդիսացան անոր կորուստին, թէեւ ինչպէս նշեցինք, մեր դիմաց կը գործէին անհամեմատ հզօր տէրութիւններ, որոնց միջեւ կայացած փոխադարձ համաձայնութիւններն ու կատարուած յստակ գործողութիւնները Արցախի հարցին մէջ որոշիչ դեր ունեցան։ Յամենայն դէպս, Աստուծոյ հանդէպ հաւատքով, առաջնորդուելով ապաշխարութեամբ, մենք պէտք է ձգտինք արժանի դառնալու մեր նախնիներու Աստուծոյ՝ գործելով Անոր կամքին ներդաշնակ եւ ընդունելով զԱյն որպէս անդրդուելի դաշնակից։ Այս հաւատքը մեզի Կարելիութիւն պիտի ընձեռէ վերստին ապրելու եւ ստեղծագործելու այդ սուրբ հողին վրայ։ Իսկ եթէ այդ տեղի չունենայ, ապա Արցախը պիտի վերածուի դժոխքի, պիտի ոչնչացուին հազարամեակներու մեր սրբութիւններն ու արժէքները եւ ան աներկբայօրէն պիտի արժանանայ Նախիջեւանի ու Արեւմտեան Հայաստանի ճակատագրին։
– Իբրեւ Աստուծոյ ծառայ եւ հայ հայրենասէր ի՞նչ կոչ կը յղէք Եւրոպայի ու արեւմտեան աշխարհի քրիստոնեաներուն:
– Ես հոգեւորական եմ, եւ կ՚ապրիմ մաքուր խղճով եւ իմ ժողովուրդի ապագայի տեսլականը պահպանելու հաւատքով ու յոյսով, որովհետեւ քրիստոնեային համար կարեւոր է հոգիի փրկութեան համար ոչ միայն մտածելը, այլ նաեւ հաւատքով գործելը։ Ես կ՚աղօթեմ իմ քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն համար, որ միշտ ունենան լուսաւոր միտք ու արդար հոգի, ապրին ու արարեն Քրիստոսի պատգամին համաձայն՝ այցելեն իրենց քոյրերուն ու եղբայրներուն, որոնք հալածանքի, նեղութեան, գերութեան ենթակայ են։
Այս է իմ եղբայրական յորդորը եւ խնդրանքը։ Եւ թող խաղաղութեան հրեշտակը խաղաղութիւն բերէ համայն մարդկութեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։