Search
Close this search box.

Արցախի թեմի առաջնորդը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կոչ կ՚ուղղէ  ճնշում բանեցնելու Ալիեւի եւ անոր կառավարութեան վրայ

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան հետեւեալ նամակը յղած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշին.

«2024 Նոյեմբեր 11-22 Պաքուի մէջ կը նախատեսուի կազմակերպել ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին (COP29) համաժողովը, որուն մասնակցելու հրաւէր ուղղուած է տարբեր երկիրներու ղեկավարներուն ու պաշտօնական ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն: 

Ճիշդ մէկ տարի առաջ՝ այս օրերուն, Ազերպայճանի զինուած ուժերը անկանոն գնդակոծութեան ենթարկեցին խաղաղ բնակավայրերը եւ ներխուժեցին Լեռնային Ղարաբաղ/Արցախ: Քանի մը օրուան ընթացքին 120 հազար արցախցիներ ֆիզիքական բնաջնջման իրական սպառնալիքի տակ ստիպուած եղան լքելու Արցախը։ Մարդիկ, որոնց նախնիները հազարամեակներէ ի վեր կ՚ապրէին Արցախ, պարտադրուեցան թողելու իրենց տուները, գերեզմանները, նախնիներու կտակած պատմամշակութային ժառանգութիւնը։  Յիշեցնեմ, որ մինչեւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը Արցախի բնակչութիւնը կը կազմէր 151 հազար հոգի։

Առկայ փաստերը աւելի քան բաւարար են հաստատելու, որ Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուածը մարդկութեան դէմ ոճիր է։ Դեռ վերջերս ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը իր յայտարարութեան մէջ նշեց, որ այդ իրադարձութիւնները կը համապատասխանեն միջազգային համաձայնագրով սահմանուած ցեղասպանութեան յատկանիշերուն։

Ցաւօք, արցախահայութեան ողբերգութիւնը գործնականին մէջ աննկատ մնաց համաշխարհային հանրութեան կողմէ։ Բացառութեամբ որոշ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ առանձին քաղաքական առաջնորդներու յայտարարութիւններէն, որեւէ քայլի չձեռնարկուեցաւ դադրեցնելու համար Ազերպայճանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղը/Արցախը հայաթափելու, ցեղային զտման  ձեռնարկելու եւ անոր  ժողովուրդի ինքնորոշման արդար փափաքը ճնշելու։

Աւելի՛ն, մենք ականատես եղանք, թէ ինչպէս անպատժելիութեան զգացումը սնուցեց Ազերպայճանի ծաւալապաշտութիւնը եւ այսօր այդ երկիրը արդէն իսկ բռնագրաւած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները եւ քայլերու կը ձեռնարկէ սահմանափակելու անոր ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը։

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի հաւատացեալ զաւակներու հիմնական մասը այսօր ապաստան գտած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, իսկ անոնց ստուար մէկ զանգուածը՝ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։ Ու թէեւ այսօր անոնք փրկուած են ֆիզիքական բնաջնջման սպառնալիքէն, սակայն ամէն օր կը շարունակեն դէմ-յանդիման գտնուիլ իրենց իրաւունքներու եւ ազատութիւններու բազմաթիւ խախտումներու։ 

Արցախէն բռնի տեղահանուած հազարաւորներու համար ամենակարեւոր խնդիրը կը մնայ հայրենիք վերադառնալու հարցը։ Վերադարձի իրաւունքը,– որ ամրագրուած էր նաեւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի ընդունած առժամեայ միջոցներու մասին որոշումին մէջ,– կը շարունակէ անտեսուիլ միջազգային հանրութեան կողմէ։ Թէեւ տարբեր կառոյցներ ու առանձին պետութիւններ երբեմն յայտարարութիւններ կ՚ընեն Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքին մասին, սակայն այս հարցին շուրջ էական առաջընթաց չկայ։

Վստահ ենք, որ արցախահայութեան հայրենիք վերադարձի մասին՝ առանց միջազգային անվտանգութեան երաշխիքի, անկարելի է հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը եւ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը ամբողջ տարածաշրջանին մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, Ազերպայճան կը շարունակէ վերանայիլ եւ կեղծել պատմութիւնը, ոչնչացնել եւ իւրացնել հայկական մշակութային ժառանգութիւնն ու նիւթական արժէքները, ջնջել հայկական ներկայութեան որեւէ հետք եւ կանխել հայերու վերադարձը Արցախ։ Աւերուած են շարք մը եկեղեցիներ եւ գերեզմանատուներ, ինչպէս՝ Շուշիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ (Կանաչ ժամ) եկեղեցին։ Քարին տակ գիւղը հիմնովին աւերուած է, շարք մը այլ բնակավայրերու ալ անդարմանելի վնաս հասցուած է։ Թէեւ իրաւապաշտպան եւ մասնագիտական կազմակերպութիւնները գրեթէ ամէն օր կ՚արձանագրեն նման բազմաթիւ օրինակներ, բայց Ազերպայճան որեւէ պատասխանատւութեան չ՚ենթարկուիր, ինչ որ կանաչ լոյս կը վառէ հետագայ յանցագործութիւններու համար։

Ազերպայճան կը շարունակէ Պաքուի բանտերուն մէջ պահել հայ ռազմագերիներն ու պատանդները։ Ազերպայճանական բանտերուն մէջ հայ բանտարկեալներու նկատմամբ խոշտանգումներու եւ անմարդկային վերաբերումի բազմաթիւ արձանագրուած փաստեր կան, սակայն Ազերպայճան նոյնիսկ թոյլ չի տար միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն իրական տեղեկատւութիւն ստանալ այդ անձերու առողջական վիճակին մասին։ Աւելի՛ն, այս հարցը Ազերպայճանի կողմէ կ՚օգտագործուի որպէս քաղաքական սակարկութիւններու նիւթ, ինչ որ կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքները։

Ձերդ Գերազանցութի՛ւն,

Պէտք է օգտագործուին COP29-ի համաժողովին ընձեռած բոլոր կարելիութիւնները՝ տարածաշրջանին մէջ արդար, երկարատեւ եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն հաստատելու համար: Լեռնային Ղարաբաղի/Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան խթանումը կարեւոր նշանակութիւն ունին ժողովրդավարական իտէալներուն մեր սեփական հաւատարմութիւնը պահպանելու համար։

Այս կապակցութեամբ, կոչ կ՚ընեմ ճնշում բանեցնելու Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ազերպայճանի կառավարութեան վրայ՝ շօշափելի միջոցներու ձեռնարկելու, որոնք պիտի նպաստեն տարածաշրջանային խաղաղութեան, պիտի ապահովեն մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնը եւ պիտի պահպանեն միջազգային օրէնքներու ու չափանիշերու գերակայութիւնը»: