Search
Close this search box.

Արցախի կորուստի առաջին տարին

Ազեր­պայճա­նի կիր­քե­րը բոր­բո­քած են կրկին, վար­չա­պետ Փա­շինեանի Օգոս­տոս 31-ի մամ­լոյ ասու­լի­սին հնչած խա­ղաղա­րար ու հաշ­տա­րար յայ­տա­րարու­թիւննե­րէն ետք։ Նոյ­նը կա­րելի է ըսել Ռու­սաստա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան մասին։ Որ­քան վար­չա­պետը խա­ղաղա­րար թեզեր հնչեց­նէ, այնքան հա­կառակ կող­մը կը գրգռուի ու կը փոր­ձէ թշնա­մական իր դիր­քո­րոշումներն ու պա­հանջնե­րը ար­դա­րաց­նել. եր­բեմն նոյ­նիսկ նոր պա­հանջներ կը ներկայացնէ, որուն նո­րագոյ­նը Ալիեւի խորհրդա­կան Հիք­մեթ Հա­ճիեւի յայ­տա­րարու­թիւնն էր, որով կը պա­հան­ջուի Հա­յաս­տա­նի սպա­ռա­զի­նու­թեան սահ­մա­նափա­կումներ պար­տադրել, ինչպէս որ մի­ջազ­գա­յին հա­սարա­կու­թիւնը նման քա­ղաքա­կանու­թիւն որ­դեգրեց Իրա­քի դէմ՝ Քուէյ­թ ներ­խուժու­մէն ետք։

Ազեր­պայճա­նի հետ խա­ղաղու­թեան դա­րաշրջան սկսե­լու հայ­կա­կան կող­մի առա­ջարկնե­րը չեն պակ­սիր։ Որ­քան ազե­րական կող­մը իր պա­հանջներն ու սպառ­նա­լիք­նե­րը բազ­մացնէ, այնքան Հա­յաս­տան կը պա­տաս­խա­նէ բազ­մա­տեսակ խա­ղաղա­րար առա­ջարկնե­րով, ինչպէս՝ «Խա­ղաղու­թեան խաչ­մե­րուկ», «խա­ղաղու­թեան դա­շինք», սահ­մա­նազա­տում՝ իբ­րեւ սահ­մա­նային լա­րուա­ծու­թիւն նուազեց­նե­լու մի­ջոց, սահ­մա­նի մի­ջադէ­պերու առաջ­քը առ­նե­լու հա­մար երկկողմ քննչա­կան յանձնա­խումբի ստեղ­ծում, սպա­ռազի­նու­թիւնը երկկողմ նուազեց­նե­լու բա­նակ­ցութիւններ…։ 

Խա­ղաղու­թեան ռազ­մա­վարու­թիւնը իր առա­ջին պտու­ղը տուաւ Հա­յաս­տան-Ազեր­պայճան սահ­մա­նազատ­ման յանձնա­խումբե­րու եր­կա­րատեւ բա­նակ­ցու­թիւննե­րէ ետք, Սեպ­տեմբե­ր 1-ին, սահ­մա­նազատ­ման կա­նոնա­կար­գի հրա­պարա­կու­մով, ուր առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով պաշ­տօ­նապէս կը նշուի 1991-ի 

Ալ­մա-Աթա­յի հռչա­կագի­րը իբ­րեւ միջ­պե­տական սահ­մա­նազա­տում իրա­կանաց­նե­լու հիմք։

Հա­կառակ Ազեր­պայճա­նի ռազ­մա­տենչ յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն, ատե­նէ մը ի վեր Հա­յաս­տան-Ազերպայճան սահ­մա­նին յա­րաբե­րաբար խա­ղաղու­թիւն կը տի­րէ, շնոր­հիւ նաեւ Եւ­րո­պական Միու­թեան դէտե­րու ներ­կա­յու­թեան։ Սա­կայն այս իրա­վիճա­կը յան­կարծ կրնայ փո­խուիլ, յատ­կա­պէս Նո­յեմ­բեր ամի­սէն ետք, եթէ մի­ջազ­գա­յին պայ­մաննե­րը կտրուկ փո­փոխու­թեան են­թարկուին, ինչպէս ԱՄ­Ն-ու ընտրու­թիւննե­րուն Թրամ­փի յաղ­թա­նակի եւ կամ Ռու­սաստա­նի՝ ուքրաինական ճա­կատին յաղ­թա­նակի պա­րագա­յին։

Մոսկուայի՝ Նո­յեմ­բեր 9-ի հրա­դադա­րի եռա­կողմ հա­մաձայ­նութեան 9-րդ կէ­տի գոր­ծարկու­մի պա­հան­ջը կը հա­կադ­րուի Հա­յաս­տա­նի «Խա­ղաղու­թեան խաչ­մե­րուկ»-ին։ Ռուսական կողմի գլխա­ւոր մտա­վախու­թիւնը այն է որ հա­ղոր­դակցա­միջոց­նե­րու վե­րականգնու­մը իրա­կանա­նայ առանց իր միջ­նորդու­թեան։ Այս կէ­տին վրայ Ռու­սաստան կը վա­յելէ Ազեր­պայճա­նի զօ­րակ­ցութիւ­նը, որու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Փու­թի­նի Պա­քու այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ յայ­տա­րարեց որ Հա­յաս­տան-Ազեր­պայճան բա­նակ­ցութիւննե­րու Մոս­կուայի հար­թա­կը իրեն հա­մար ըն­դունե­լի է։ Իսկ Հա­յաս­տա­նի հա­մար ռու­սա­կան հար­թա­կը դար­ձած է կաս­կա­ծելի, որով­հե­տեւ Ռու­սաստան չէ յա­ջողած Նո­յեմ­բեր 9-ի հա­մաձայ­նութեան առա­ջին 8 կէ­տերու կեն­սա­գոր­ծումը, որոնց մա­սին վար­չա­պետ Փա­շինեան անդրա­դար­ձաւ իր վեր­ջին ասու­լի­սի ընթացքին։ Ինչպէս օրի­նակ ան­կա­րող եղաւ Պա­քուի բան­տե­րուն մէջ գտնուող ռազ­մա­գերի­ներու եւ ան­ցեալ Սեպ­տեմբե­րին Ար­ցա­խի վրայ յար­ձա­կու­մէն ետք պա­տանդ առնուած ան­ձե­րու վե­րադար­ձը ապա­հովե­լու։

Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան նա­խօր­եա­կին տե­ղի ու­նե­ցած այս իրա­դար­ձու­թիւննե­րը ցոյց կու տան Հա­յաս­տա­նի գլխուն վրայ կա­խուած դա­մոկ­լեան սու­րը՝ սխալ քայլ մը կրնայ ան­մի­ջապէս պա­տերազ­մի դուռ բանալ։ Այ­սուհան­դերձ, ներ­հայկա­կան ճա­կատի վրայ՝ խորհրդա­րանա­կան ընդդի­մու­թիւնը բո­լորո­վին ան­տարբեր Հա­յաս­տա­նի առ­ջեւ ցցուած մար­տահրա­ւէր­նե­րուն, կը շա­րու­նա­կէ իր զօ­րակ­ցութիւ­նը այսպէս կո­չուած «Սրբա­զան պայ­քար»-ի հե­րոսին։ Իսկ Հա­յաս­տան-Ար­ցախ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կը մնան լա­րուած, թէեւ Ար­ցա­խի տխրահռչակ վեր­ջին նա­խագահ Շահ­րա­մանեանի յայ­տա­րարու­թիւնը, Սեպ­տեմբեր 2-ին Եռաբ­լուրի մէջ, կրնայ մեղ­մա­ցումի դուռ բանալ. «Տեղահանուելուց յետոյ Արցախի իշ­խա­նու­թիւննե­րը որ­դեգրել են Հա­յաս­տա­նի անվտան­գութեան չվնա­սելու քա­ղաքա­կանու­թիւն. մեզ հա­մար առաջ­նա­հեր­թութիւն է Հա­յաս­տա­նի ան­­վտան­գութիւ­նը։ Սա եւս մեր հայ­րե­նիքի հիմ­նա­կան մասն է։ Մենք ամէն ինչ պէտք է անենք, որ­պէսզի վտան­գի չեն­թարկենք այն գոր­ծընթաց­նե­րը, որոնք իրա­կանաց­ւում են Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րի կող­մից եւ չվնա­սենք ան­վտան­գա­յին հա­մակար­գին»։

Ժ.Չ. ■