Ազերպայճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով
120.000 Հայեր պաշարուած են եւ անոնց կը սպառնայ ոչնչացումը
Արցախի Հայերու փրկութեան
2023 Հոկտեմբեր 1
Ժամը 14-ին
Պրիւսէլ, Շումէն հրապարակ
2023 Հոկտեմբեր 5-ին, Եւրոպական քաղաքական համայնքի երրորդ համաժողովի շրջանակին մէջ, կը կազմակերպուի նոր հանդիպում մը՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի ներկայութեան։
Եւրոպայի Հայութիւնն ու Արցախի բարեկամները պէտք է իրենց ձայնը լսելի դարձնեն, որպէսզի Արցախցիները իրենց հողին վրայ ապրին խաղաղ ու ապահով։
Պրիւսէլ փոխադրութեան ծառայութիւնը անվճար Է: Արձանագրուելու համար դիմել՝ «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» նախաձեռնութեան europeansforartsakh@gmail.com
«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» նախաձեռնութիւնը Արցախին աջակցող շարժում մըն է, որ կը ներառէ 17 (*) երկիրներու 500 կազմակերպութիւններ (աւելի քան 200-ը՝ Ֆրանսայէն), որոնք համախմբուած են դատապարտելու Ազերպայճանի կողմէ պարտադրուած շրջափակումն ու Արցախի ճգնաժամային կացութիւնը։
Շարժումը նպատակ ունի՝
• Իրազեկ պահել եւրոպական քաղաքական իշխանութիւններն ու Եւրոպայի պետութիւնները՝ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին,
• պաշտպանել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը,
• պահանջել 2022 Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Ազերպայճանի կողմէ Արցախի պարտադրուող շրջափակման վերացումը` յորդորելով Եւրոպական Միութեան հաւատարիմ մնալ իր հիմնական արժէքներուն՝ նպաստել խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու բարեկեցութեան, մարդկային արժանապատւութեան, ազատ տեղաշարժին, խտրականութեան դէմ պայքարին։
(*) – Եւրոպական միութեան անդամ 15 երկիրներ՝ Ֆրանսա, Գերմանիա, Աւստրիա, Պելճիքա, Պուլկարիա, Կիպրոս, Սպանիա, Յունաստան, Հունգարիա, Իտալիա, Նետերլանտներ, Լեհաստան, Փորթուկալ, Ռումանիա, Շուէտ եւ Եւրոպական Միութենէն դուրս երկու երկիր՝ Զուիցերիա, Միացեալ Թագաւորութիւն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։