Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան Սեպտեմբեր 20-ի երեկոյեան X-ի իր հաշիւին զոհերու եւ վիրաւորներու նոր թիւեր հրապարակած է.
Սեպտեմբեր 20, տեղական ժամով 21.30-ի դրութեամբ, Մարդկային իրաւանց պաշտպանի գրասենեակին հաւաքագրած տուեալներուն համաձայն, կար առնուազն 200 զոհ եւ աւելի քան 400 վիրաւոր։
Քաղաքացիական բնակչութեան մէջ վիրաւորներու թիւը կը գերազանցէ 40-ը, որոնց 13-ը՝ երախաներ։ Ցայժմ հաստատուած է 10 քաղաքացիի մահը, ի շարս որոնց՝ 5 երախաներ։
Ստեփանեան կը նշէ նաեւ, թէ իր գրասենեակը կը շարունակէ անհետացածներու ճակատագիրը պարզելու աշխատանքները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։