Search
Close this search box.

Արցախի մէջ վառելանիւթ չկայ, փեսան ձեռքերու վրայ հարսը բարձրացուցած է դէպի Ս. Յակոբավանք

Սեպտեմբեր 3-ին, Ս. Յակոբավանքի մէջ տեղի ունեցած է պսակի արարողութիւն, ձեռամբ վանահայր Յովհաննէս քահանայ Յովհաննիսեանի։ Արցախի մէջ վառելանիւթի չգոյութեան պատճառով փեսան ձեռքերու վրայ հարսը բարձրացուցած է դէպի Ս. Յակոբավանք, իսկ վանքի շրջափակին մէջ սպասող Քոլատակ գիւղի կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները ծափողջոյններով դիմաւորած են օրուան հերոսները։ 

«Հակառակ Արցախի շրջափակման պատճառով յառաջացած ծանր հետեւանքներին, Արցախցիները շարունակում են իրենց յատուկ տոկունութեամբ դիմադրել դժուարութիւններին, կազմել նոր ընտանիքներ ու շէնացնել Արցախը»,– նշած են Արցախի թեմէն։

Աւելի ուշ հարսանիքէն լուսանկարներ հրապարակած է արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեան՝ գրելով. 

«Արմանի եւ Մարիամի պսակադրութիւնը՝ Սուրբ Յակոբավանքում»։