Search
Close this search box.

Արցախի նախագահի նախկին խորհրդական Արմէն Սարգսեան. «Արցախի կառավարութեան հաշուարկներով Արցախի մէջ մնացած է շուրջ 100 միլիառ տոլար արժողութեամբ գոյք»

Արցախի հայաթափման առաջին տարելիցին՝ «Մէկ տարի` առանց Արցախի. վիճակագրութիւն եւ ռազմավարական հեռանկար» խորագրով խորհրդաժողովին, Արցախի նախագահի նախկին խորհրդական, «Genesis Armenia» վերլուծական կեդրոնի փորձագէտ, պատմաբան Արմէն Սարգսեան ներկայացուցած է Արցախի կորուստները՝ թիւերով եւ յստակ տուեալներով։

Սարգսեան նշած է, թէ  Արցախի կառավարութեան հաշուարկներով երկրին մէջ մնացած է շուրջ 100 միլիառ տոլար արժողութեամբ գոյք՝  12 քաղաք, 241 գիւղ, 11.450 յարկաբաժին, 13.550 տուն, 60 գործատուն, 15 ձեռնարկութիւն, 385 եկեղեցի, 400 միջնադարեան գերեզմանատուն, 25 թանգարան, 37 ջրելեկտրակայան, 48 հանք, 4 ջրամբար, աւելի քան 5.000 մշակութային յուշարձան, 232 դպրոց, 4 համալսարան, 7 գոլէճ, 5 մարզադաշտ, 11 մարզադպրոց եւ նոյնքան ալ հիւանդանոց։ Արցախ մնացած են 58 հազար մանր եղջերաւոր անասուն, աւելի քան 45 հազար խոշոր եղջերաւոր անասուն, 174 հազար թռչնազգի, 21 հազար խոզ, աւելի քան 2.000 միաւոր գիւղատնտեսական գոյք, 445 քիլոմեթր կպրապատ ճամբայ եւ աւելի քան 35 հազար փոխադրամիջոց։

Փորձագէտը ըսած է, թէ Արցախի բնակչութեան թիւը մինչեւ 2020-ի պատերազմը եղած է 147 հազար։ 2023-ի ռազմական գործողութենէն ետք Արցախէն տեղահանուած 100.632 քաղաքացի հասած է Հայաստան։

Ազերպայճանի յարձակման հետեւանքով, Հայաստանի քննչական յանձնախումբի վերջին տուեալներուն համաձայն՝ զոհուած է աւելի քան 200, վիրաւորուած՝ աւելի քան 300 հոգի, գերեվարուած՝ 16-ը, խոշտանգուած՝ 14-ը, անհետացած՝ 42-ը։

Սեպտեմբեր 25-ին Ստեփանակերտի մօտ գտնուող պենզինի պահեստի պայթումի հետեւանքով ունինք 218 զոհ, 21 անհետացած, 3 չնոյնականացուած (անձի ստուգումը անկարելի) դի եւ 120 վիրաւոր։