Search
Close this search box.

Արցախի նախկին երեք նախագահներուն ճակատագիրը

Արցախի նախկին երեք նախագահներուն՝ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի ճակատագրին շուրջ Հոկտեմբեր 2-ին յանկարծ տեղեկատուական տարափ մը ծայր առաւ։ Առաւօտեան, հայաստանեան կարգ մը լրասփիւռներ, ապաւինելով ըստ երեւոյթին՝ ռուսական «Սփութնիք»-ի մէկ կեղծ կամ սխալ տեղեկատւութեան՝ հաղորդեցին, թէ անոնք Հայաստան կը գտնուին։

Սակայն այս լուրը անմիջապէս հերքուեցաւ, միաժամանակ ալ հաղորդուեցաւ, թէ ապահովութեան նկատառումներէ մեկնելով՝ չի բացայայտուիր անոնց գտնուելու վայրը։