Search
Close this search box.

ԱՓՔԱՖ-Ի ԼՈՒՐԵՐ…

2 Յունիս 1979−ին, Վազգէն Ա. կաթողիկոս եւ քաղաքապետ Ժոզէֆ Ֆրանչեսքի Ս. Մեսրոպ կրթարանի պաշտօնական բացման արարողութեան՝ կը կտրեն ժապաւէնը 

Սկսինք հակիրճ պատմականով մը…

Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ կրթարանի մանկապարտէզը, 2 աշակերտով, բացուած է 1978 Սեպտեմբերին, իսկ ընդհանուր կրթարանի պաշտօնական բացումը կատարուած է 2 Յունիս1979-ին, ձեռամբ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Վեհափառ հայրապետին եւ քաղաքապետ՝ պարոն Ժոզէֆ Ֆրանչեսքիի։

Կրթարանը 1978-էն մինչեւ 1990 գործած է միայն մանկապարտէզի բաժինով։ Տասներկու տարի դպրոցի մատակարարութիւնը հովանաւորած է Ալֆորվիլի Ս. Պօղոս – Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը եւ Ս. Մեսրոպ կրթարանի Տնտեսավար յանձնախումբը, վայելելով հայ նուիրատուներու կողքին, աջակցութիւնը քաղաքապետարանին։ Ամբողջ այս տարիներու ընթացքին ողբացեալ տոքթ. Սերժ Սիմոնեան ձեռնհասօրէն վարած է կրթարանին տնտեսավարութիւնը, բարի յիշատակ ձգելով։

1991-ին հիմնուած է նախակրթարանի բաժինը, ինչպէս նաեւ Մատակարար մարմինի միութիւնը (AAG)։ Բայց Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը չէ դադրած հովանաւորելէ ելեւմուտքի մատակարարութիւնը, մանաւանդ երբ այդ թուականէն մինչեւ 2000 թուականը հոգաբարձութեան ատենապետութիւնը վարած է դպրոցի առաքելութեան ջերմեռանդ հաւատացող՝ պարոն Եդուարդ Պատուականեանը։

2004-ին Մատակարար մարմինի միութեան վարչութիւնը, տեսնելով կրթարանին յաջող յառաջընթացը, կը մտադրէ կրթարանի օգտին մասնաշէնք մը կառուցել։ Ի դէպ յիշենք որ Ալֆորվիլի եկեղեցապատկան հողերու իրաւատէրը, ըսենք կալուածատէրը, Փարիզի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Կրօնական ընկերակցութիւնն է։ Այդ հողերուն վրայ որեւէ շինարարութիւն կատարելու համար, իրաւատիրոջմէ նախօրօք հարկ է արտօնութիւն ստանալ։ Այսինքն վարձակալագիր մը, ստորագրուած՝ հողաշերտը յանձնող կալուածատիրոջ եւ ստացողին կողմէ։ Մատակարար մարմինը դիմած ըլլալով Փարիզի Կրօնական ընկերակցութեան, 2004 Մարտ 2-ին Փարիզի եկեղեցւոյ Կրօնական ընկերակցութեան ներկայացուցչական ժողովի որոշումով արտօնագիրը կը յանձնուի AAG-ին, երեք տարուան պայմանաժամով։ Այդ որոշումին մէջ կ՚ընդգծուի թէ պայմանաժամի չյարգուելու պարագային արտօնագիրը կը կորսնցնէ իր ուժը։ Չեղեալ կը համարուի։

Մինչեւ 2007 Մարտ 2, AAG-ի կողմէ կառուցման ոչ մէկ ազդանշան կը տրուի։ Հետեւաբար, արտօնագիրը չեղեալ կը համարուի։ Միւս կողմէ պայմանաժամը վերանորոգելու նոր արտօնագրի մը դիմում չի կատարուիր խնդրարկու Մարմինի կողմէ։

2007-ի Յունիսի վերջերը լուրեր կը շրջին… Կ՚ըսեն թէ AAG-ն դիմում ներկայացուցած է Ալֆորվիլի քաղաքապետարան «Շինարարութեան արտօնագիր» խնդրելով եկեղեցւոյ կից հողաշերտին վրայ դպրոցի մասնաշէնք մը կառուցելու նպատակով։ Փարիզի եկեղեցւոյ Կրօնական ընկերակցութիւնը կը զարմանայ այս լուրը առնելով, որովհետեւ հողատէրը ըլլալով, լուր չունի այս նախաձեռնութենէն։ Յունիս 19-ին պայ ամֆիթէոթիք մը ստորագրուած է Փարիզի Կրօնական ընկերակցութեան անունով (որմէ տեղեակ չէ), որ իբրեւ թէ արտօնութիւն կու տայ AAG-ին շէնք կառուցելու իր հողաշերտին վրայ։

Այս անկանոն գործելաոճը Փարիզի Կրօնական ընկերակցութիւնը անհանդուրժելի կը գտնէ։ Կանոնաւորելու համար կացութիւնը, 23 Նոյեմբեր 2007-ին Կրօնական ընկերակցութիւնը, Ներկայացուցչական ժողովի ընթացքին, քուէարկութեամբ, այս անօրինական եւ շինծու պայ ամֆիթէոթիքը կը բեկանէ։

Այնուհետեւ մասնաշէնքի կառուցման ծրագրի տնօրինումը կը յանձնուի Ֆրանսայի նորահաստատ թեմի նորընտիր առաջնորդին՝ Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարեանին, որ կը ստիպուի 2 Սեպտեմբեր 2008-ին հիմնել Հայ Մշակոյթի Զարգացման Ընկերակցութիւնը ի Ֆրանսա, (ֆրանսական կրճատ ձեւով) ԱՓՔԱՖ-ը։

Ահա պատճառը ԱՓՔԱՖ-ի հիմնումին։

Ս. Մեսրոպ Կրթարանի 2008-ի AAG-ի վարչականները բնականօրէն հաշտ աչքով չեն նայիր կատարուածին, եւ կը սկսին ԱՓՔԱՖ-ը հալածել, յուսալով որ ան երկար կեանք չ՚ունենար։

2009-ին ԱՓՔԱՖ-ը ճարտարապետական որոշ խարխափումներէ անցնելէ ետք, 2010 Ապրիլին վերջնապէս կ՚որոշէ Յակոբեան ճարտարապետական գրասենեակին յանձնել դպրոցական շէնքի մը կառուցման նախապատրաստական աշխատանքները։ Գրասենեակը կը սկսի պատրաստել նախագիծերը։ Առաջին տուեալներու համաձայն ծախսերը կը գնահատուին մօտաւորապէս ոչ պակաս քան 5.000.000 եւրօ։ 

ԱՓՔԱՖ-ի գանձին մէջ այն ատեն կար միայն 150.000 եւրոյի շուրջ գումար մը։ Փարիզի եկեղեցւոյ Կրօնական ընկերակցութիւնը քննելով կառուցման ծախսի մեծագումար նախահաշիւը եւ նկատելով ԱՓՔԱՖ-ի տնտեսական նեղ կացութիւնը, կ՚առկախէ շնորհել «Շինարարական վարձակալագիր»-ի արտօնագիր մը։

2012-ի աշնան, ԱՓՔԱՖ-ի գանձապահ՝ ողբացեալ պարոն Կարպիս Ջրբաշեան, Լիբանանի իր մտերիմ բարեկամներէն՝ հանգուցեալ պարոն Գէորգ Արապեանին կը ներկայացնէ Ալֆորվիլի դպրոցաշինութեան ծրագիրը։ Պարոն Արապեան սիրով կ՚ընդառաջէ առաջարկին, ստանձնելով գլխաւոր բարերարութիւնը դպրոցաշինութեան, պայմանաւ որ դպրոցը կոչուի իր անունով՝ «Գէորգ Հ. Արապեան»։

Նշենք որ 2012-ին AAG-ի գլուխը կը գտնուէր նոր վարչութիւն մը, նախագահութեամբ տիկին Գարին Լերեանի։ Այս բարի լուրը մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ ոչ միայն ԱՓՔԱՖ-ի, այլեւ AAG-ի վարչական նոր կազմի անդամներուն մէջ։

Մինչ այդ Փարիզի եկեղեցւոյ Կրօնական ընկերակցութիւնը կը յօժարի «Շինարարական վարձակալագիր»-ի արտօնութիւն տալ եւ վալանսաբնակ նոտար՝ մէթր Ֆիլիփ Փանոսեանի կը յանձնուի պատրաստել վարձակալագրի մը օրինակը, որ կը ստորագրուի 14 Դեկտեմբեր 2012-ին, պարոն Գեղամ Թորոսեանի եւ Նորվան Սրբազանի կողմէ։ Պարոն Թորոսեան Կրօնական ընկերակցութեան կողմէ, իսկ Նորվան Սրբազան՝ ԱՓՔԱՖ-ի։

AAG-ն եւ ԱՓՔԱՖ-ը, երկու միութիւնները ձեռք-ձեռքի տուած, մեծ խանդավառութեամբ կը լծուին գործի։ Դպրոցի անուան փոփոխութիւնը երբեք խնդրոյ առարկայ չի դառնար։ Պաշտօնական յայտարարութիւններու, օրաթերթերու, ամսաթերթերու մէջ միշտ կը գրուի, թէ դպրոցը Գէորգ Արապեան պիտի կոչուի։ Ընդհանուր խանդավառութեան մէջ, դժբախտաբար ԱՓՔԱՖ-ի մտքէն բնաւ չ՚անցնիր համաձայնագիր մը ստորագրել AAG-ի հետ, քանի որ ԱՓՔԱՖ-ը այն բոցավառ խանդավառութիւնը տեսնելով AAG-ի ղեկավարներու մէջ, համոզուած էր որ երբեք խնդիր չ՚ունենար անուան փոփոխութեան հետ։ 

2015-ին, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ կը կատարուի նոր շէնքի բացման արարողութիւնը։ Այստեղ կարիք չենք տեսներ դարձեալ նկարագրելու պատմական, աննախընթաց, եզակի այդ հանդիսութիւնը, որու յաջողութեան մէջ անուրանալի է Ալֆորվիլի քաղաքապետ՝ պարոն Լիւք Քարվունասի բերած նպաստը։

2015 Յուլիս 10-ին, բացման արարողութենէն վեց օր ետք, նախակրթարանի եւ գոլէժի մասնաշէնքին հետ կապուած համաձայնագիր մը կը ստորագրուի AAG-ի եւ ԱՓՔԱՖ-ի միջեւ, որու մէջ կը շեշտուի յարգել դպրոցին անուան «Գէորգ Հ. Արապեան» գործածութեան պահպանումը։

Նոյն տարին Սեպտեմբեր ամսուն նախակրթարանի աշակերտութիւնը կը փոխադրուի նոր շէնք։ 

Իսկ 2016-ին կը հիմնուի գոլէժը բարերարին՝ պարոն Գէորգ Արապեանի անունով։

2016-ին մանկապարտէզը նոր մասնաշէնքով մը օժտելու նախաձեռնութեան շուրջ նախապատրաստութիւններ պիտի սկսին։

Բայց այս մասին յաջորդիւ…

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ  ԱՓՔԱՖ-Ի

Փարիզ, 31 Հոկտեմբեր 2023 ■