Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ Սեպտեմբեր 15-ի առաւօտեան վերսկսած ինքնաբուխ հանրահաւաքը շարունակուած է նաեւ երեկոյեան:
«Արցախփրէս»-ի համաձայն` հանրահաւաքի մասնակիցներն ու ելոյթ ունեցողները իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են Արցախի ճակատագրին եւ կարգավիճակին վերաբերող խնդիրներու առնչութեամբ:
Հանրահաւաքի ընթացքին Արցախի հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան ներկայացուցած է նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Ազգային ժողովի ներկայացուցչական պատուիրակութեան երեւանեան հանդիպումներու մանրամասնութիւնները, նշելով թէ անոնք հաւաստած են, որ Արցախի կարգավիճակի հարցով որեւէ փաստաթուղթ չի քննարկուիր։
Արցախի Ազգային ժողովի «ՀՅԴ» խմբակցութեան քարտուղար Վահրամ Բալայեան իր ելոյթին ընդգծած է միասնականութեան կարեւորութիւնը՝ հարցերու լուծման եւ յաջողութիւններ կերտելու համար:
“Պատմութեան մէջ մեր բոլոր ունեցած յաջողութիւնները պայմանաւորուած են եղել միասնականութեամբ: Հասարակութեան միասնութիւնը հնարաւորութիւն է ստեղծում լուծել թէ´ քաղաքական, թէ´ տնտեսական խնդիրները: Ժամանակն է, որ հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող տարանջատումները, տարբեր մօտեցումները մի կողմ դրուեն եւ միասնական ճակատով կանգնենք պաշտպանելու երկրի սահմաններն ու մեր ժողովրդի իրաւունքները”,– շեշտած է Վ. Բալայեան:
«Վաղուայ Արցախ» կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Պետրոսեան իր կարգին յայտարարած է, որ պէտք է պայքարինք Արցախը հայկական պահելու համար:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։