Search
Close this search box.

Բռնագրաւուած Շուշիի մէջ ազերպայճանցի վանդալներու՝ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը իսլամացնելու նոր փորձերը

 

Monument Watch-ը ահազանգ կը հնչեցնէ.

Մայիս 11-ին, բռնագրաւուած Շուշիի մէջ ստորագրուած է «Հեյտար Ալիեւ» Հիմնադրամի եւ ISESCO-ի միջեւ համագործակցութեան յուշագիր մը, որ կը նախատեսէ մշակոյթի, գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտներու մէջ փորձառութեան փոխանակում, նոր արհեստագիտութիւններու մշակում, ինչպէս նաեւ միատեղ նախագիծերու իրականացում։

Նշենք, թէ ISESCO-ն Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԻՀԿ) մասնագիտական ճիւղն է, որ կը զբաղի իսլամական կրթական, գիտական եւ մշակութային հարցերով՝ նպատակ ունենալով  ամրապնդել կապերը մահմետական ազգերու միջեւ եւ խթանել կայուն զարգացումը այդ բնագաւառներուն մէջ:

Նմանատիպ յուշագրերն ու պայմանագրերը Շուշիի իսլամացման ընդհանուր ծրագրին մէկ մասն են։ Տակաւին 2021-էն սկսեալ Ազերպայճանի Մշակոյթի նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաւաստումով, Պաքու ԻՒՆԷՍՔՕ-ի քարտուղարութեան փաստաթուղթեր ներկայացուցած է հայկական պատմական Շուշի քաղաքը (44-օրեայ պատերազմէն ետք Ազերպայճանի մշակութային մայրաքաղաք) «ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ստեղծարար քաղաքներու ցանցին մէջ» ընդգրկելու համար։ Իսկ Ազերպայճանի այն օրերու մշակոյթի նախարար Անար Քերիմով 2021 Սեպտեմբեր 17-ին Խիվա (Ուզպէքստան) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած թուրք նախարարներու միջազգային 38-րդ հանդիպումին հաստատած էր, թէ Պաքու կը պատրաստուի 2023-ին Շուշին հռչակել «Թրքական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաք»՝ աշխուժացնելով կապերը թուրք ժողովուրդներու մշակոյթի զարգացմամբ զբաղող «TÜRKSOY» միջազգային կազմակերպութեան հետ։ Բացի ատկէ,  2021-2022 թթ. բռնագրաւուած Շուշիի մէջ տեղի ունեցած են տարբեր բնոյթի համաժողովներ, որոնք քաղաքի պատմական, մշակութային կերպարը նենգափոխելու եւ գործընթացը միջազգայնօրէն ամրագրելու, քաղաքը միջազգային հանրութեան եւ կազմակերպութիւններուն իբրեւ զուտ ազերպայճանական ներկայացնելու եւ այդ ամէնը օրինականացնելու նպատակ կը հետապնդէին։

Այս միտումները ակնյայտ են բոլոր ծրագրերու մէջ եւ ելոյթներու ընթացքին, ուր Շուշին կը ներկայացուի իբրեւ ազերպայճանական եւ թրքական բնակավայր՝ բացարձակօրէն անտեսելով Շուշի քաղաքի հայկական մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը, պատմական անցեալն ու բազմաթիւ յուշարձաններու գոյութիւնը: Ի մասնաւորի՝ 2022 Հոկտեմբեր 21-ին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան հոգեւոր առաջնորդներու երրորդ համաժողովը՝ «Թուրք-իսլամական ժառանգութեան հարստութիւնը եւ անոր նշանակութիւնը արդի խնդիրներու լուծման համածիրին մէջ» նիւթին շուրջ, որու նախօրեակին՝ Հոկտեմբեր 20-ին, Շուշիի մէջ կնքուած է փաստաթուղթ մը, եւ հիմքը դրուած՝ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան մահմետական վարչութիւններու ղեկավարներու խորհուրդին։ Ուշագրաւ է, որ համաձայնագրին մէջ մատնանշուած է «հայկական գրաւման» տարիներուն վնասուած մահմետական ժառանգութեան վերականգնման ծրագրերուն մէջ՝ միացեալ օգնութեան ապաւինելու պարագան: