Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) «Տորնսիֆ» բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, թէ դոկտ. Հրակ Փափազեան նշանակուած է Հայագիտականի «Թրբանճեան» ամպիոնի դասախօս։
Դոկտ. Հրակ Փափազեան ծնած է 1991-ին Պէյրութ։ Աւարտած է Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը, 2010-ին։ 2013-ին Լիբանանի ամերիկեան համալսարանէն ստացած է հաղորդակցական արուեստներու պսակաւոր արուեստից վկայականը։ 2015-ին ստացած է մագիստրոսի վկայական՝ Օքսֆորտ համալսարանէն, ուր մասնագիտացած է ընկերային մարդաբանութեան մէջ՝ գրելով իր մենագրութիւնը պոլսահայոց ժամանակակից ընկերային–ինքնութենական հարցերուն շուրջ։ 2020 Փետրուարին, դարձեալ Օքսֆորտ համալսարանին մէջ, յաջողութեամբ պաշտպանած է իր դոկտորականի աւարտական մենագրութիւնը, որ կը վերաբերի ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ այլազան հայկական խմբաւորումներու եւ ինքնութիւններու, անոնց ներքին յարաբերութիւններուն ու անհամաձայնութիւններուն։
Ան դասաւանդած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին եւ Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճըլըսի մասնաճիւղի «Խոստումը» հայկական հիմնարկի ուսումնասիրողներէն մէկը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։