Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան (ՄԻՊ) Գեղամ Ստեփանեան՝ Հայաստանի անվտանգութեան հարցերուն նուիրուած իրաւապաշտպաններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած համաժողովին յայտարարած է, թէ Արցախէն բռնի տեղահանուած շուրջ 11 հազար հոգի արտագաղթած է Հայաստանէն:
“Հիմնական պատճառը ընկերային-կենցաղային պայմաններն են, որոնք կը խաթարեն մարդոց բնականոն կեանքը Հայաստանի մէջ եւ այդ պատճառով ալ արցախցիները կը նախընտրեն օրինակ՝ Ռուսաստանի հարաւային շրջանները գաղթել, ուր շատ աւելի աժան գինով կրնան կազմակերպել իրենց կեանքը”,– մանրամասնած է Ստեփանեան։
Արցախի ՄԻՊ-ը նաեւ տեղեկացուցած է, թէ Արցախէն տեղահանուելէ ետք Հայաստանի մէջ մի՛այն 10.800 հոգի աշխատանք գտած է։
“Ցաւալին այն է, որ այս թիւերու մէջ շատ քիչ տոկոս կը կազմեն յատկապէս կրթութեան բնագաւառի մասնագէտները եւ Հայաստանի կրթական հաստատութիւններուն մէջ ընդամէնը 200 բռնագաղթած արցախցի կը պաշտօնավարէ, մինչդեռ Արցախի մէջ չորս հազար ուսուցիչ ունէինք”,– նշած է իրաւապաշտպանը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։