«Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամը կը հաղորդէ.
«Միջնադարեան Հայաստանի ամէնէն նշանաւոր վանական համալիրներէն մէկը Ամարասն է։ Ըստ 5-րդ դարու պատմիչ Փաւստոս Բիւզանդի՝ Ամարասի Սուրբ Գրիգորիս եկեղեցին՝ 4-րդ դարու սկիզբին կառուցած է Գրիգոր Լուսաւորիչը, իսկ աւարտին հասցուցած է անոր թոռը՝ Գրիգորիս։ Անկարելի է պատկերացնել, թէ ինչպէս կրնայ Արցախի եւ Ուտիքի հայութեան հոգեւոր-մշակութային կեդրոններէն Ամարասը ըլլայ «աղուանական» մշակութային կառոյց, երբ նոյնիսկ Բուն Աղուանքի տարածքէն դուրս կը գտնուէր:
5-րդ դարու սկիզբին Մեսրոպ Մաշտոց այնտեղ հիմնած է Արցախի առաջին դպրոցը։ Ամարասը եղած է Արցախ-Ուտիք երկրամասի հոգեւոր եւ եպիսկոպոսանիստ կեդրոններէն մէկը։ Դարերու ընթացքին վանքը քանի մը անգամ աւերուած է օտար նուաճողներու կողմէ։
15-16-րդ դարերուն հոն գրուած եւ ընդօրինակուած են հայերէն բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններ։
2023 Սեպտեմբերին Ամարասը բռնագրաւուեցաւ ազերպայճանական բանակին կողմէ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։