Փետրուար 28-ին, Պերլինի մէջ կայացած է Հայաստանի, Ազերպայճանի եւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմ հանդիպումը։
Նախքան այդ, տեղի ունեցած էր Հայաստանի եւ Ազերպայճանի պատուիրակութիւններու տեսակցութիւնը, իսկ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարուհի Անալենա Պերպոք առանձին հանդիպումներ ունեցած էր Միրզոյեանի եւ Պայրանովի հետ, քննարկելով երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին առնչուող հարցեր։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։