Search
Close this search box.

ԳԻՒՄՐԻ. Թումօ-Գիւմրիի մէջ պաշտօնապէս հիմնադրուեցաւ թատերական արուեստանոց

Թումօ-Գիւմրի յաճախող ուսանողները այսուհետեւ կարելիութիւն կ՚ունենան զարգացնելու նաեւ իրենց դերասանական հմտութիւնները: «Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ դերասան եւ ֆիլմարտադրող Սերժ Աւետիքեանի նախաձեռնած թատերական արուեստանոցը պաշտօնապէս սկիզբ առաւ յուշագրի ստորագրութեամբ՝ վերջինիս եւ «Թումօ»-ի զարգացման  տնօրէն Բեկոր Փափազեանի միջեւ:

“Թատրոնը մեզի համար անհրաժեշտ է: Կ՚ընդգծենք այս բնագաւառին մէջ մեր համագործակցութեան կարեւորութիւնը”,– նշած է Փափազեան, աւելցնելով որ՝ ունէին ֆիլմերու ստեղծման դասընթացքներ, իսկ ուսանողներու դերասանական ձիրքերը զարգացնելու հնարաւորութիւնը պիտի լրացնէ այս արուեստանոցը:

Իր կարգին, Սերժ Աւետիքեան եւս կարեւոր նկատելով համագործակցութիւնը, յայտնած է որ՝ յատկապէս Գիւմրիի այն շէնքը, ուր կը գործէ «Թումօ»-ն, թատերական հարուստ աւանդութիւններ ունեցող կառոյց մըն է․– “Հայաստանի մէջ հոս է որ առաջին անգամ բեմադրուած է «Անուշ» օփերան: Այս նախաձեռնութիւնը ձեւով մը կը թարմացնէ այս շէնքի ոգին”,– նշած է ան: Աւետիքեան տեղեկացուցած է, թէ ըստ էութեան, արդէն երկրորդ տարին է, որ «Թումօ»-ի հետ նման ծրագիր կ՚իրագործեն։

Առաջին տարուան համագործակցութենէն ետք, արուեստանոցի վեց երիտասարդ դերասաններ հետեւած են Փարիզի JLMB-ի թատերական մասնագիտական դասընթացքներուն (Studio JLMB école d’acteur)։

Ապրիլին յայտարարուած ընդունելութեան ընթացքին երկու նախընտրական փուլերուն առաջարկուած 62 թեկնածուներէն ընտրուած էին 30-ը, 20-ը՝ Երեւանէն եւ 10-ը՝ Գիւմրիէն:

Այն ուսանողները, որոնք առանձնակի մասնագիտական յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն, եւ յատկապէս կ՚իւրացնեն ֆրանսերէն լեզուն, կրկին կարելիութիւն կ՚ունենան վարժընթացներու հետեւելու՝ Փարիզի թատերական դպրոցներուն մէջ։ 

Այս տարի ծրագիրը կ՚իրագործուի Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան (OIF), Իլ տը Ֆրանսի խորհուրդի, «Ազնաւուր» հիմնադրամի, Ֆրանսայի ՀԲԸՄ-ի, ֆրանսահայ աւետարանականներու «SPFA» ընկերակցութեան, «KASA», «Miassine» հիմնադրամներու, Le Courrier d’Erevan-ի, «Սթանիսլավսկի» ռուսական թատրոնի, Գիւմրիի համայնքապետարանի եւ «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի աջակցութեամբ: