Գիւմրիի «Տեխնոլոգիական կենտրոն»-ին մէջ կայացած է Silicon Mountains 2024 Shirak արհեստագիտական համաժողովը՝ միաւորելով տարբեր ընկերութիւններ, սթարթափներ, թուային լուծումներով հետաքրքրուած մասնագէտներ: Համաժողովի նպատակն է արհեստագիտական ոլորտի համաչափ զարգացումը ամբողջ Հայաստանի մէջ։
Համաժողովի ընթացին «Սթարթափները մարզերում» կլոր-սեղանի քննարկման հիւրերու շարքին եղած է «Ակբա Ֆեդերացիա»-ի ընդհանուր տնօրէնը, որ մասնակիցներուն ներկայացուցած է «Ակբա բանկ»-ի եւ «Ակբա Ֆեդերացիա»-ի ստեղծման պատմութիւնները։ Շուրջ 30 տարի առաջ ստեղծման ժամանակ «Ակբա բանկ»-ը ունէր ընդամէնը 8 աշխատակից, իսկ նպատակը գիւղական փոքր տնտեսութիւններուն փոքր վարկեր տրամադրելն էր։ Այժմ դրամատունը ներկայ է Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ եւ ունի 65 մասնաճիւղ, իսկ աշխատակիցներու թիւը կը գերազանցէ 1700-ը։
«Ակբա Ֆեդերացիա»-ն հիմնադրումէն ի վեր համագործակցած է 53 սթարթափներու հետ, որոնց 47%-ը յաջողած ու շարունակած է գործունէութիւնը, մինչ համաշխարհային ցուցանիշով՝ առհասարակ կը յաջողի սթարթափներու միայն 10%-ը։
Իր գործունէութեամբ «Ակբա Ֆեդերացիա»-ն մշտապէս կը փորձէ երիտասարդներու համար աւելի գրաւիչ դարձնել գիւղատնտեսութիւնը։ Գիւղատնտեսութեամբ զբաղողներու տարիքը բարձր է. անհրաժեշտ են թարմ ուժեր եւ նոր գաղափարներ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։