Search
Close this search box.

«Գլինթըն» հիմնադրամի փոխնախագահ՝ Չելսի Գլինթըն միացած է «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնախումբին

«Աւրորա» մարդասիրական մրցանակի Ընտրող յանձնախումբին միացած է «Գլինթըն» հիմնադրամի (Clinton Health Access Initiative) փոխնախագահ, հանրային առողջութեան փորձագէտ Չելսի Գլինթըն:

“Մենք ուրախ ենք մեր միջեւ տեսնելով Չելսի Գլինթընը՝ «Աւրորա» համայնքէն ներս: Ընկերային փոփոխութիւններուն իր երկարամեայ նուիրումին շնորհիւ՝ ան կը դառնայ կատարեալ լրացում մը Ընտրող յանձնաժողովին համար եւ ես անհամբեր կը սպասեմ իր հետ աշխատելու՝ լոյս սփռելու հերոս մարդոց վրայ, որոնք կը վտանգեն իրենց կեանքը՝ օգնելու համար կարիքաւորներուն”,– ըսած է «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի նախագահ եւ Լոնտոնի Կայսերական գոլէճի Համաշխարհային առողջութեան նորարարութեան հիմնարկի համատնօրէն լորտ Արա Տարզի:

Իր կարգին, Չելսի Գլինթըն յայտարարած է . “Իւրաքանչիւրս մեր դերն ունինք համաշխարհային մեծ մարտահրաւէրներուն դիմակայելու մէջ: Ինծի համար պատիւ է միանալ 2024-ի «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնախումբին եւ շարունակել մեր համագործակցութիւնը «Գլինթըն» միջազգային նախաձեռնութեան (CHAI) միջոցով՝ աջակցելու մարդասիրութեան ոլորտի առաջնորդներուն, որոնք մեծապէս կը փոխեն աշխարհը”։

Չելսի Գլինթըն ԱՄՆ-ու նախկին նախագահ Պիլ Գլինթընի եւ Արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Գլինթընի միակ դուստրն է։