Search
Close this search box.

ԳՈՐԻՍ – Հայ-իրանական մշակութային փառատօն

Օգոստոս 11-ին, Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է հայ-իրանական մշակութային փառատօն, մասնակցութեամբ Արցախէն երգի-պարի համոյթներու։ Փառատօնը միաւորած է երեք տարածաշրջաններու հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը:

Գորիսի համայնքապետ Առուշ Առուշանեան եւ Կապանի մէջ Իրանի հիւպատոս Մորթեզա Ապետին Վարամին միասին շրջած են փառատօնի տաղաւարները՝ ծանօթացած ցուցադրուած գործերուն եւ զրուցած մասնակիցներուն հետ: Ներկայ եղած են մարզային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ հիւրեր Հայաստանէն, Իրանէն եւ Արցախէն:

Ներկայացուած են հայ եւ իրանցի վարպետներու ձեռարուեստի գործերը, աւանդական եւ ժամանակակից արուեստի նմուշներ, հայկական եւ իրանական խոհանոցներու ուտեստները, ցուցադրուած են հին եւ մետաքսեայ գորգեր, ելոյթներ ունեցած են մշակութային խումբեր, պարային համոյթներ։

Փառատօնը կազմակերպուած է Գորիսի քաղաքապետարանի եւ Իրանի հիւպատոսարանի համագործակցութեամբ։