Search
Close this search box.

Դադրեցնե՞լ, թէ՞ շարունակել

«Նոր Յա­ռաջ»-ի ապա­գային մա­սին է խօս­քը։ Աշ­խարհը օր ըս­տ օ­րէ կը փո­փոխուի, թուային նոր հա­ղոր­դա­միջոց­նե­րը կը կեր­պա­րանա­փոխեն ըն­կե­րու­թիւննե­րու կեն­ցա­ղը, գոր­ծե­լակեր­պը, մտա­ծելա­կեր­պը։ Լրագ­րութիւ­նը ան­բա­ժան մաս­նիկն է այս փո­փոխու­թեան։ Ըլ­լա­լով սփիւռքա­հայ ան­կախ մա­մուլ, մեծ մարտահրա­ւէր է քայլ պա­հել նո­րա­րա­րու­թեան հետ, սփիւռքա­հայ մա­մու­լի տնտե­սական եւ մար­դուժի կա­րողու­թիւնները ըլլալով շատ սահ­մա­նափակ։ Տե­ղեկատ­ւու­թեան աշ­խարհը աւե­լի ու աւե­լի կը դառ­նայ առ­ցանց, տպա­գիրին գոր­ծա­ծու­թիւնը կը սահ­մա­նափա­կուի, ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ լրատ­ւութիւ­նը կ՚ընդհան­րա­նայ, տեղեկատ­ւութեան իս­կութեան ստու­գումը կը դժուարա­նայ, ար­հես­տական բա­նակա­նու­թիւնը լրատ­ւութեան նոր ու­ղի­ներ կ՚ըն­ձե­ռէ … «Նոր Յա­ռաջ»-ի պա­րագա­յին տպա­գիրը կը մնայ գե­րակ­շիռ։ Սա­կայն, «Նոր Յա­ռաջ»-ը փա­կելու կամ շա­րու­նա­կելու հար­ցադրու­մին գլխա­ւոր դրդա­պատ­ճա­ռը լրագ­րութեան ար­դիակա­նացու­մի խնդիր չէ, այլ աւե­լի՛ տար­րա­կան տագ­նապ մը։

Աս­կէ 15 տա­րի առաջ թեր­թը ճամ­բայ ելաւ ու­նե­նալով խմբագ­րա­կան կա­յուն կազմ, հո­վանա­ւոր կազ­մա­կեր­պութիւններ, մե­կենաս­ներ, ինչպէս նաեւ ըն­թերցող­ներ։ Բազ­մա­թիւ ձեռքբե­րումներ իրա­կանա­ցուց, դար­ձաւ երկլե­զու, դար­ձաւ մա­սամբ առ­ցանց, ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ տա­րածում ու­նե­ցաւ, տե­սազ­րոյցներ ցրեց, հաս­տա­տեց գրա­խանութ մը… Այս բո­լոր ձեռքբե­րումնե­րը կա­տարուեցան շնոր­հիւ իրեն նպաս­տողնե­րուն, թի­կունք կանգնող­նե­րուն ու իր անձնա­կազ­մին։ Ժա­մանա­կի ըն­թացքին, թեր­թին հո­վանա­ւոր­նե­րէն ոմանք հրա­ժարե­ցան իրենց յանձնա­ռու­թե­նէն եւ կարգ մը մե­կենաս­ներ իրենց նպաս­տը պայ­մա­նաւո­րեցին թեր­թին խմբագ­րա­կան ու­ղե­գիծին փո­փոխու­թիւնով, զայն ամ­բաստա­նելով իբ­րեւ «փա­շինեանա­մէտ»։ Կ՚ըն­դունինք որ Հա­յաս­տան-Սփիւռք յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ըն­կա­լումնե­րու տար­բե­րու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նի խմբագ­րութեան եւ կարգ մը մե­կենաս­նե­րու եւ ըն­թերցող­նե­րու մի­ջեւ։ Եթէ Հա­յաս­տա­նի պե­տակա­նու­թեան ամ­րապնդու­մը, օրէն­քի եր­կի­րի պաշտպա­նու­թիւնը, ժո­ղովրդա­վար ընտրու­թիւննե­րով ընտրուած կա­ռավա­րուող երկրի թի­կունք կանգնի­լը «փա­շինեանա­մէտ» ըլ­լալ է, այո՛ խմբագ­րութիւնս կ՚ըն­դունի այդ պի­տակա­ւորու­մը։

Եղան նաեւ բա­ժանորդներ, որոնք թեր­թին կարգ մը յօ­դուած­նե­րէն վշտա­ցած՝ դադ­րե­ցու­ցին իրենց բա­ժանոր­դագրու­թիւնը։ Այս բո­լորը գումարած՝ կը ստեղ­ծուին բա­ւական ծանր նիւ­թա­կան պայ­մաններ։

Թեր­թի մը քննա­դատու­թիւննե­րու թի­րախ դառ­նա­լը բնա­կան երե­ւոյթ է։ Քննա­դատե­լը կա­րե­ւոր է եւ օգ­տա­կար, մա­՛նաւանդ երբ գործ ու­նինք լրագ­րութեան հետ, ուր տե­սակէ­տը, քա­ղաքա­կան որո­շումնե­րու ու ըն­կե­րային երե­ւոյթնե­րու ըն­կա­լու­մը բազ­մա­թիւ տա­րըն­թերցումնե­րու առիթ կու տայ։ Սա­կայն, մե­կենա­սի մը ան­հանդուրժո­ղու­թիւնը, նպաս­տը դադ­րեցնե­լու սպառ­նա­լիքը այն սահ­մաններն են որոնց հա­տու­մը անըն­դունե­լի կը հա­մարենք։

Այ­սօր «Նոր Յա­ռաջ» կը գտնուի եր­կընտրան­քի մը առ­ջեւ՝ կա՛մ դադ­րեցնել թեր­թին հրա­տա­րա­կու­թիւնը, կա՛մ նոր հո­վա­նա­ւոր­ներ, նոր յե­նարան­ներ գտնել, նոր ծրա­գիր մշա­կել, շա­րու­նա­կելու հա­մար իր գոր­ծունէու­թիւնը։ 

Ներ­կայ տագ­նա­պը կրկնա­կի է։ 15 տա­րի առաջ խմբագ­րութեան գլխա­ւոր մար­տահրա­ւէրը ան­կախ տպա­գիր մա­մու­լի աւան­դութեան ապա­հովումն էր։ Դա­սական ուղ­ղագ­րութեամբ եւ մեծ մա­սամբ արեւմտա­հայե­րէնով խմբագ­րուե­լով, բնա­կանա­բար «Նոր Յա­ռաջ» ըն­թերցուեցաւ արեւմտա­հայ դա­սական սփիւռքին կող­մէ։ Ֆրան­սե­րէն յա­ւելուածը նոյնպէս ըն­թերցուեցաւ ֆրան­սա­ծին աւան­դա­կան սփիւռքի զա­ւակ­նե­րուն կող­մէ։ Տա­րինե­րէ ի վեր տպա­գիր մա­մու­լը տեղ­քայլի մէջ է։ Խմբագ­րութեանս մեկ­նարկա­յին նպա­տակը սպա­ռած է՝ գրա­ւոր մա­մու­լը յե­տըն­թաց կ՚ապ­րի, դա­սական ուղղագ­րութեան, արեւմտա­հայ մա­մու­լին մեծ ար­ժէք ընծայող չկայ, ներառեալ սկզբունքով անոր պաշտպա­ն կանգնելու կո­չուած կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը։ Նոր լծակ­ներ պէտք են, նոր դրա­մագ­լուխ, նոր հո­վանա­ւոր­ներ, այ­սօ­րուան պա­հանջնե­րուն հա­մահունչ նոր ծրա­գիր՝ շա­րու­նա­կելու հա­մար։

«Նոր Յա­ռաջ»-ի դի­մագ­րա­ւած տագ­նա­պը, պէտք չէ մո­ռա­ցու­թեան մատ­նէ բո­լոր այն ըն­թեր­ցող­ներն ու մե­կենաս­նե­րը, որոնք կը շարունակեն զօ­րավիգ մնալ «Նոր Յա­ռաջ»-ին, նոյ­նիսկ եթէ եր­բեմն անոր խմբագ­րա­կան դիր­քո­րոշումնե­րը զի­րենք կ՚ան­հանգստաց­նեն, հա­մոզիչ չեն գտներ կամ որոշ տե­սակէ­տներ չեն բաժ­ներ։

Ինչպէս որե­ւէ ապ­րող էակ, լրա­տուա­միջոցն ալ ու­նի իր վե­րելք­ներն ու վայ­րէջքնե­րը, իր տագ­նապնե­րն ու յա­ջողու­թիւննե­րը։ Այս տա­րուան սկիզ­բը նախատեսեր էինք հար­ցա­խոյզ մը կազ­մա­կեր­պե­լ։ Փոք­րիկ ու­սումնա­սիրու­թիւն մը կա­տարուեցաւ երիտա­սարդնե­րու լրատ­ուական աղբիւր­նե­րուն շուրջ, որուն եզ­րա­յան­գումը կը հաս­տա­տէ տե­ղեկա­տուա­կան մայր ակունքնե­րու ահաւոր սահ­մա­նափա­կու­մը եւ բնականա­բար տեղե­կու­թիւն­նե­րու բազ­մա­զանու­թեան բա­ցակա­յու­թիւնը… Վե­րա­­մու­տին կը նա­խատե­սենք յղել հան­րա­յին քննար­կումի հրա­ւէր մը, նպատակ ունենալով կազմակերպել հան­դի­պում մը բոլոր անոնց հետ, որոնք հետաքրքրուած են ան­կախ լրագ­րութեամբ, առիթ մը՝ մեր ըն­թերցող­նե­րուն հետ փո­խանա­կե­լու եւ մտո­րելու ժա­մա­նա­կակից մար­տա­հրաւէրները դի­մակայելու միջոց­նե­րը, որոնելու նոր ուղիներ։     

Ժ.Չ. ■