2024 Դեկտեմբեր 8-ի Սուրիոյ իշխանափոխութեան նոր փուլին,Դամասկոսի հայ համայնքիիրավիճակը, համեմատաբար անցնող օրերուն, աւելի ապահով եւ բնականոն ընթացքի մէջ է։
Յաջորդ օրն իսկ կեանքը բնական կերպով շարունակուեցաւ, կենցաղային կարիքներու, ուտելիքի, ջուրի եւ հացի դժուարութիւնները վերացան։
Հայկական վարժարանները երկու օրէ ի վեր փակ կը մնան՝ աշակերտութեան ապահովութեանհամար, սակայն կը նախատեսուի յառաջիկայ օրերուն դասաւանդութիւնը բնականոն կերպով վերսկսիլ։
Ներկայիս մայրաքաղաքին եւ արուարձաններուն մէջ պարէտային ժամ ճշդուած է երեկոյեան ժամը5-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5։
«Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութիւնը մօտէն հետաքրքրուեցաւ հայ ընտանիքներու վիճակով, զօրակցութիւն յայտնեց անոնց՝ թելադրելով որ մնան իրենց բնակարանները եւ խուճապիչմատնուին։
Անմիջապէս կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը, որուն մաս կազմողներուն անուններն ուհեռաձայնի թիւերը հրապարակուեցան յայտարարութեամբ մը։ Յանձնախումբի անդամներու պարտականութիւնները բաժնուեցան շրջաններուն համեմատ, որպէսզի անոնք կարելի եղածչափով օգտակար հանդիսանան բոլոր հայ ընտանիքներուն՝ որեւէ դժուարութեան պարագային։
Յանձնախումբը օգտակար դարձած է Հալէպէն ժամանած շուրջ 14 ընտանիքներու՝ անոնցկեցութեան վայր եւ բնակարաններ ապահովելով, նաեւ օգտակար դարձած է անոնց, որոնք ուզածեն Հայաստանի դեսպանութեան հետ կապուիլ կարճ ժամանակի մէջ Հայաստան մուտքիարտօնութիւն ստանալու։
Ակումբի դռները ամէնօրեայ դրութեամբ բաց կը պահուին՝ ծառայութիւններ մատուցելու համարժողովուրդին։
Դեկտեմբեր 9-ին, «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչներ մասնակցեցան ՀայԿաթողիկէ Առաջնորդարանին մէջ Գերպ. Տէր Գէորգ ծայրագոյն վրդ. Պահէեանի հրաւէրովկայացած հանդիպումին, ուր ներկայ եղաւ Փոխանցման Ազգային Խորհուրդի մէկպատասխանատուն, որուն բացատրուեցաւ քրիստոնեայ թաղամասերուն մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն մասին եւ պահանջուեցաւ իրմէ կարգադրութեամբ մը հսկել շրջանիապահովութեան, ինչպէս նաեւ շրջանի բոլոր միութիւններու անդամներուն ու թաղի տղոցհսկողութեան աշխատանքին օժանդակելու պատրաստակամութիւն յայտնուեցաւ։
Պատասխանատուն խոստացաւ, որ շուտով տհաճ երեւոյթները կը զսպուին եւ երկրորդհանդիպումին կարելի է այս գծով համաձայնութիւն մը գոյացնել յիշեալ հարցերը լուծելուառնչութեամբ։
Հայ համայնքի զաւակները, որպէս Սուրիոյ լիիրաւ քաղաքացիներ, իրենց կառուցողականաշխատանքներով պիտի շարունակեն նպաստել Սուրիական Հայրենիքի վերականգնումին եւ բարգաւաճման՝ յանուն յուսատու ապագայի։
Աղբիւր՝ «Գանձասար»
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։