Մայիս 31-ին, Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանը, դատաւոր Վահէ Միսակեանի նախագահութեամբ, հրապարակած է Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ միւսներու դատին վճիռը։
Դատարանը արդարացուցած է նախագահը` յանցանքի ապացոյցի բացակայութեան հիմքով։
Նոյն գործով դատուող Գէորգ Յարութիւնեան, գործարար Բարսեղ Բեգլարեան եւս արդարացուած են՝ յանցանքի ապացոյցի բացակայութեան հիմքով։
Սերժ Սարգսեանի ու Բարսեղ Բեգլարեանի գոյքերու վրայ դրուած կապանքը վերցուած է։
Դատաւորը յայտարարած է, թէ դատավճիռին դէմ կրնան բողոքել մէկ ամսուան ընթացքին։
Իսկ դարձեալ նոյն գործով դատուող Սերգօ Կարապետեանի եւ Սամուէլ Գալստեանի,– որոնք մահացած էին պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով,– նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցուած է դատարանի որոշումով։
Սերժ Սարգսեան կը մեղադրուէր տարիներ առաջ տիզելային վառելանիւթի մատակարարման պետական մրցոյթի մը ընթացքին
միւս ընկերութիւններէն աւելի բարձր գին առաջարկող՝ իր մտերիմներէն մէկուն պատկանող «Ֆլեշ»-ի ի նպաստ որոշում կայացնելով՝ կէս միլիառ դրամ իւրացնելու յանցանքով։ Երրորդ նախագահը իր դէմ յարուցուած մեղադրանքը չէր ընդունած, անոր պաշտպաններն ալ դատ բացած ու արարքը որակած էին քաղաքական հետապնդում։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։