Search
Close this search box.

Դաւիթ Բաբայեան. «Ազերպայճանի հետ անվտանգութեան երաշխիքներու կամ համաներման վերաբերեալ համաձայնութիւն չէ գոյացած»

Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան Reuters-ին հաղորդած է, թէ Ազերպայճանի հետ անվտանգութեան երաշխիքներու կամ համաներման վերաբերեալ որեւէ համաձայնութիւն չէ գոյացած։

“Այս հարցերը տակաւին պէտք է լուծուին, յստակ արդիւնքներ դեռ չկան, պարզապէս համաձայնած ենք, որ Հայաստանէն Բերձորի միջանցքով մարդասիրական օժանդակութիւն ղրկուի Արցախ, նկատի ունենալով, որ իրավիճակը շատ ծանր է՝ մարդիկ սովամահ կ՚ըլլան, լոյս չկայ, վառելիք չկայ, եւ մեծ թիւով տեղահանուածներ ունինք”,– նշած է Բաբայեան։

Բերձորի միջանցքին մօտ գտնուող Reuters-ի թղթակիցը հաղորդած է, թէ ռուսական եօթը բեռնակառքեր, Մայիս 22-ին, անցնելով հայկական անցակէտէն ուղղուած են դէպի Արցախ։