Search
Close this search box.

Դաւիթ Իշխանեան Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուած է

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի (ԱԺ) երեսփոխաններու նախաձեռնութեամբ Օօգոստոս 7-ին գումարուած է խորհրդարանի արտակարգ նիստ՝ ԱԺ-ի նախագահի ընտրութեան օրակարգով։

Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Գագիկ Բաղունց շնորհակալութիւն յայտնած է Արթուր Թովմասեանին՝ խորհրդարանական աշխուժ գործունէութեան, վերջին տարիներուն Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին կատարած իր աշխատանքին համար։

Նախագահի թափուր պաշտօնին համար «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան կողմէ առաջարկուած է ՀՅԴ խմբակցութեան երեսփոխան, Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանի թեկնածութիւնը։

Հիմնաւորելով Իշխանեանի թեկնածութիւնը՝ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծած է անոր անցած մարտական ու քաղաքական ուղիին կարեւորութիւնը։

Երեսփոխաններու միջեւ միտքերու փոխանակումէ ետք, 22 թեր եւ 9 դէմ ձայնով Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ ընտուած է Դաւիթ Իշխանեան։

Իր ելոյթին՝ նորընտիր նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է այս վճռորոշ պահուն պատասխանատու այդ պաշտօնը իրեն վստահուելուն համար։

“Պայքարի ոգին այսօր թեւածում է Արցախում: Արցախում բնակուող իւրաքանչիւր անհատ՝ դպրոցական մանուկից մինչեւ զառամեալ ծերունի, դիմադրութիւն ցուցաբերելով թշնամու օր ըստ օրի սաստկացող ճնշումներին, կարողանում է պահպանել իր քոյրերի եւ եղբայրների, հայրերի եւ պապերի կերտած պետութիւնը”,– իր խօսքին մէջ նշած է Իշխանեան՝ աւելցնելով, որ պէտք չէ հրաշքի սպասել, քանի որ առանց մեր մասնակցութեան՝ հրաշք պիտի չըլլայ։

Ալէն Սիմոնեան շնորհաւորած է Արցախի Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Օգոստոս 7-ին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Արցախի Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի հետ:

«Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ Սիմոնեան շնորհաւորած է Իշխանեանը՝ ներկայի բարդ շրջանին այդ պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելուն առթիւ, մաղթելով յաջողութիւն:

Զրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են հետագայ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։

Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝