Search
Close this search box.

Դեսպան Տըքոթինյի. «Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի բռնագրաւումը նաեւ մարդկային ողբերգութիւն է»

Հոկտեմբեր 29-ին, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի եւ Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեանի հետ այցելած են մարզի Ներքին Հանդ գիւղը եւ միտքեր փոխանակած դժուար կացութեան մէջ գտնուող բնակիչներուն հետ։

Այս կապակցութեամբ դեսպանը X ընկերային ցանցի իր հաշիւին հետեւեալը գրած է.

«Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդ գիւղի երեք կողմերուն կը գտնուին ազերպայճանական մարտական դիրքերը։ Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի բռնագրաւումը նաեւ մարդկային ողբերգութիւն է»։

Ֆրանսացի դիւանագէտը իր գրառման կից հրապարակած է ներքինհանդցի այր ու կնոջ մը նկարը՝ նշելով, թէ անոնք այլեւս չեն կրնար այցելել իրենց զաւկին գերեզմանը, քանի որ Ազերպայճան գրաւած է գիւղին գերեզմանատունը։