Search
Close this search box.

ԵԱՀԿ-ի փաստահաւաք առաքելութիւնը Գեղարքունիքի մէջ ծանօթացած է սահմանային շրջաններուն տիրող իրավիճակին

Հոկտեմբեր 25-ին, ԵԱՀԿ-ի փաստահաւաք առաքելութեան ներկայացուցիչները՝ գնդապետ Ռոպէր Արքատիուս Թքաչուքի գլխաւորութեամբ, այցելած են Վարդենիսի համայնքապետարան, այնուհետեւ՝ 2022 Սեպտեմբեր 13-14-ին ազերպայճանական յարձակման պատճառով տուժած Կուտական, Սոթք, Վերին Շորժա, Այրք եւ Նորաբակ բնակավայրերը՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալով թշնամիի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքներուն եւ մարզի սահմանային շրջաններուն եւ բնակավայրերուն մէջ տիրող իրավիճակին։