Այս օրերուն Գերմանիոյ Քառլշռու քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի 11-րդ համաժողովը միջազգային տագնապներու մասին իր կատարած հրապարակային յայտարարութիւններու շրջածիրէն ներս, յատուկ կերպով նաեւ անդրադարձած է Արցախի հարցին։
Յայտնենք, որ միջազգային տագնապներու անդրադառնալու կոչուած յանձնախումբի զեկուցաբերը՝ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, որ անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան եւ քաղաքական գիտութեանց, ու Լիբանանեան Համալսարանին մէջ՝ միջազգային օրէնքի դասախօս, յիշեալ յայտարարութեան խմբագրութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած է, խորհրդակցելով Արամ Ա. Վեհափառին հետ՝ թէ՛ Գերմանիա մեկնելէ առաջ եւ թէ՛ համաժողովի աշխատանքներու ընթացքին։ Դոկտ. Պայրագտարեան Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի միջազգային տագնապներու յայտարարութեանց շարքին նաեւ համաժողովին ներկայացուցած է Արցախի մասին յայտարարութիւնը։
Յիշեալ յայտարարութեան մէջ համաժողովը կը դատապարտէ Արցախի դէմ Ազերպայճանի սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմը, եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի բնիկ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին։ Համաժողովը նաեւ կը դատապարտէ քիմիական զէնքի գործածութիւնը եւ միջազգային օրէնքին հակասող պատերազմական այլ յանցագործութիւնները։ Ան կոչ կ՚ուղղէ ՄԱԿ-ին, Եւրոպական Միութեան եւ Ազերպայճանին անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ քաղաքային պատանդները եւ ռազմագերիները։ Համաժողովը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Արցախի գրաւեալ շրջաններու սրբավայրերուն եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման նկատմամբ, եւ կոչ կ՚ուղղէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ին ու միջազգային համայնքին բոլոր միջոցներով պաշտպանելու ու պահպանելու հայկական մշակութային ու կրօնական կառոյցներն ու վայրերը։
Համաժողովը միաժամանակ կոչ կ՚ուղղէ Մինսքի խումբի շրջանակներուն շուտով երկխօսութեան սկսելու Արցախի հակամարտութեան արդար եւ խաղաղ լուծման համար։ Վերջապէս, ան կը թելադրէ Խորհուրդի անդամ բոլոր եկեղեցիներուն աշխատիլ՝ շրջանէն ներս համերաշխութիւն հաստատելու եւ արդար ու կայուն լուծում գտնելու ի խնդիր։
Յայտնենք, թէ Արցախի պատերազմի օրերուն, ինչպէս նաեւ յաջորդող շրջանին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդը ադրադարձած էր Արցախի հարցին եւ անոր արդար լուծում գտնելու հրամայականին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։