Search
Close this search box.

ԵՄ-ը մտադիր է 10 միլիառ եւրօ ներդրել Կեդրոնական Ասիոյ փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան զարգացման մէջ

«Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը

Եւրոպական Միութիւնը յայտարարած է, որ պատրաստ է 10 միլիառ եւրօ ներդրելու Կեդրոնական Ասիոյ կայուն փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ: Այդ մասին յայտնած է Տաճիկստանի մէջ ԵՄ-ի ներկայացուցչութիւնը:

«Եւրոպական Միութիւնը յայտարարեց Կեդրոնական Ասիոյ կայուն փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ 10 միլիառ եւրոյի ներդրման պատրաստակամութեան մասին՝ որպէս միջազգային գործընկերներու միասնական ներդրում: Եւրոպական յանձնաժողովը ԵՄ-ի Global Gateway ռազմավարութեան շրջանակին մէջ կը պատրաստուի տարածաշրջանային փոխադրամիջոցներու ծրագրի՝ յաջակցութիւն Անդրկասպեան փոխադրական միջանցքի»,– ըսուած է այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Ներկայացուցչութիւնը կը յայտնէ նաեւ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի խորհրդական Հենրիք Հոլոլեյ Մայիս 30-31-ին Տաճիկստան այցելած է «Անդրկասպեան փոխադրական միջանցք՝ Մետաքսի ճանապարհի վերածնունդ» տիտղոսով բարձր մակարդակի առաքելութեամբ։

2024 Յունուարին, Պրիւսէլի մէջ, Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ կայուն փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան ոլորտի ներդրողներու համաժողովի ընթացքին, կեդրոնասիական տարածաշրջանի հինգ երկիրներ (Ղազախստան, Քիրկիզստան, Տաճիկստան, Թիւրքմէնիստան եւ Ուզպէքիստան) յայտարարած էին իրենց քաղաքական յանձնառութիւնը ինչ կը վերաբերի փոխադրամիջանցքներու ամրապնդման եւ այդպէսով ալ՝ տարածաշրջանային կապերու ընդլայնման եւ սերտացման:

Այս ամէնը ուղղակի կապ չունենալով հանդերձ Հայաստանի հետ, սերտօրէն կ՚առնչուի հայկական «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրին, որուն թէկուզ հեռաւոր, երկարաձգումները կը հանդիսանան նշեալ հատուածները։ Եւ կրնայ միայն խրախուսիչ ըլլալ նման ծաւալի եւրոպական ներդրումի յատկացումը ծրագրի մը, որուն դէպի արեւմուտք երկարաձգումն ալ «բնականոն պայմաններու մէջ» պէտք է անցնի Հայաստանէն։