Search
Close this search box.

ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան պայմանաժամը կրնայ երկու տարի երկարաձգուիլ

Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) արտաքին քաղաքական հարցերու յանձնակատարը առաջարկած էերկու տարի եւս երկարաձգել Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի քաղաքացիական առաքելութեանժամանակաշրջանը։ Լուրը կը հաղորդէ ԵՄ-ի ներկայացուցչի մամլոյ գրասենեակը։

Փորձագէտները դրական կը համարեն սոյն տեղեկութիւնը, նշելով թէ Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի դէտերուներկայութիւնը զսպող գործօն է եւ անհրաժեշտ պարագային ԵՄ-ը կրնայ նաեւ Պաքուի դէմ իբրեւգործիք ծառայեցնել։

ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ նաեւ թոյլ պիտի չտայ Պաքուինկեղծ տեղեկութիւններ հաղորդել, որ իբրեւ թէ Հայաստան խախտած է հրադադարը։ Այդպիսիլուրերը արագ կը հերքուին ԵՄ-ի արձանագրութիւններով, որ շատ կարեւոր է, յատկապէս, երբ չկանհետաքննութեան գործիքակազմեր։