Search
Close this search box.

ԵՄ – ՎՐԱՍՏԱՆ – Եւրոպական խորհրդարանը կը պահանջէ նոր ընտրութիւններ Վրաստանի մէջ

Եւրոպա­կան խորհրդա­րանը Նո­յեմ­բեր 28-ին ըն­դունած է բա­նաձեւ մը, որ կը դա­տապար­տէ Վրաս­տա­նի մէջ Հոկ­տեմբեր 26-ին տե­ղի ու­նե­ցած երես­փո­խանա­կան ընտրու­թիւննե­րը, որոնք ըստ Խորհրդա­րանին՝ «ո՛չ ազատ էին, ո՛չ ար­դար, ինչ որ կը հան­դի­սանայ Եւ­րո­պական Միու­թեան ան­դա­մակ­ցութեան թեկ­նա­ծու այդ երկրին մէջ ժո­ղովրդա­վարու­թեան շա­րու­նա­կական անկման նոր դրսե­ւորում մը» եւ «ատոր ամբողջական պա­տաս­խա­նատ­ւութիւ­նը կը կրէ իշ­խա­նու­թեան “Վրա­ցական երա­զանք” կու­սակցու­թիւնը»։

Եւ­րո­պացի երես­փո­խան­նե­րը դա­տապար­տած են բազ­մա­թիւ լուրջ խախ­տումներ, նշելով՝ ընտրող­նե­րու ահա­բեկ­ման, քուէնե­րու ձեռ­նա­վար­ման (manipulation), ընտրու­թեանց դէ­տերու եւ լրա­տու մի­ջոց­նե­րու մի­ջամ­տութեան փաս­տագրուած պա­րագա­ներ, ինչպէս նաեւ ելեկտրո­նային քուէար­կութեան գոր­ծիքնե­րու առնչուող ձեռ­նա­վարումնե­րու մա­սին հա­ղոր­դումներ: «Երկրի Կեդ­րո­նական ընտրա­կան յանձնա­ժողո­վի հրա­պարա­կած ար­դիւնքնե­րը վրա­ցի ժո­ղովուրդի կամ­քին վստա­հելի ներ­կա­յացու­մը չեն»,– աւե­լացու­ցած են անոնք։

Հետեւաբար, Եւ­րո­պական խորհրդա­րանը կը մեր­ժէ նշեալ ընտրու­թիւն­նե­րու ար­դիւնքնե­րու որե­ւէ ճա­նաչում եւ կը պա­հան­ջէ նոր ընտրու­թիւններ մէկ տար­ուան ըն­թացքին՝ մի­ջազ­գա­յին խիստ հսկողութեան ներ­քեւ եւ ան­կախ ընտրա­կան վար­չա­կազմով։ ■