Search
Close this search box.

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ

Նոյեմբեր 3-ին, Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ յընթացս պատարագի տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում: Ձեռամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի՝ եպիսկոպոսութեան աստիճանի արժանացան Արժանթինի եւ Չիլիի հայոց թեմի առաջնորդ Առէն վարդապետ Շահէնեան, Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեան, Արթիկի թեմի առաջնորդ Նարեկ վարդապետ Աւագեան, Սիւնեաց թեմի առաջնորդ Մակար վարդապետ Յակոբեան, Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդ Պարթև վարդապետ Բարսեղեան եւ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն վարդապետ Առաքելեան։ 

Սրբազան արարողութիւններու առիթով Սուրբ Էջմիածին ժամանած էին Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեան, Հայ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Մայր Աթոռի բարերարներ, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ, հասարակական գործիչներ, ուխտաւորներ՝ Հայաստանէն, Արժանթինէն, Ֆրանսայի եւ Յունաստանի հայոց թեմերէն։ 

Պատարագի ընթացքին «Աստուածային եւ երկնային շնորհ» շարականի երգեցողութեան ներքոյ վարդապետները, ծնրադիր վեր բարձրացնելով իրենց ձեռքերը, կրկին անգամ հրաժարեցան աշխարհիկ կեանքէն՝ վերստին ուխտելով իրենց անձը ընծայաբերելու Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան: 

Յիշարժան այս օրուան առիթով Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց նորաօծ եպիսկոպոսներուն եւ հաւատաւոր ժողովուրդին։ 

Արարողութեան աւարտին նորաօծ եպիսկոպոսներուն յանձնուեցան իրենց եպիսկոպոսական իշխանութեան խորհրդանիշերը` եպիսկոպոսական գաւազան ու մատանի: 

Յառաջիկայ շաբթուան բոլոր օրերուն նորաօծ եպիսկոպոսները Մայր տաճարի մէջ պիտի մատուցեն ուխտի պատարագներ: