Նոյեմբեր 4-ին, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխան Իզապէլ Սանթիակոյի եւ Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Գարվունասի հետ:
Ողջունելով հիւրերը՝ Սիմոնեան հայ ժողովուրդի անունով շնորհակալութիւն յայտնած է բարեկամ Ֆրանսային՝ Հայաստանի համար ծանր օրերուն մեր երկրի կողքին ըլլալուն եւ ցուցաբերած զգալի աջակցութեան համար:
Կողմերը քննարկած են միջխորհրդարանական համագործակցութեան, ֆրանքեւհայկական օրակարգին եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։