Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներու ժառանգ ֆրանսահայ լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեան տարիներէ ի վեր տեսախցիկի միջոցով աշխարհին կը ներկայացնէ Հայաստանն ու Հայերու ժառանգութիւնը: Լուսանկարիչը կ՚անդրադառնայ ո՛չ միայն Հայաստանին, այլեւ այն երկիրներուն, որոնք այս կամ այլ ժամանակաշրջանին անմիջական կապ ունեցած են Հայերու հետ: Ակուճեանի լուսանկարներուն մէջ մարդու տառապանքն է, ցաւը, սէրն ու հաւատքն առ Աստուած: Հեղինակը կը խոստովանի, որ իր աշխատանքները դիւրամարս չեն, սակայն իւրաքանչիւր լուսանկարի մէջ լոյս կայ, քանի որ Հայերը էութեամբ ուրախ ժողովուրդ են:
«Արմէնփրէս»-ի թղթակցին հետ զրոյցին, Անթուան Ակուճեան կ՚անդրադառնայ լուսանկարչութեան կարեւորութեան, 1988 թուականի երկրաշարժին, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին կատարած աշխատանքին, ինչպէս նաեւ «Լռութեան ճիչը. հայ յիշողութեան հետքերը» խորագրով ցուցահանդէսին, որ կ՚ընդգրկէ հեղինակին 30-ամեայ որոնումները եւ կը յետագծէ հայկական յիշողութիւնը, այն ինչ որ արուեստագէտը ժառանգած է Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած ծնողներէն:
Ան կը պատմէ, թէ ինք Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու երրորդ սերունդին կը պատկանի: Ծնած է Ալֆորվիլ քաղաքը, որ կը բաղդատէ հայկական փոքր գիւղի մը հետ, քանի որ այնտեղ մեծ թիւով Հայեր կան։ Ակուճեան մանկութենէն իւրացուցած է հայկական աւանդութիւնները, երգն ու պարը: “Քաղաքին մէջ հայկական պարախումբեր կային, եւ ես կը յիշեմ, որ հայրս զիս պարի կը տանէր: Երբ կը պարես, կրնաս պատկերացնել, թէ կ՚ապրիս Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Մեծցած եմ հայկական մթնոլորտի մէջ ու ծանօթացած հայկական ժառանգութեան: Մեծ հայրս Ցեղասպանութեան ատեն զինուոր եղած է ու փրկած մեծ թիւով Հայերու կեանքը: Վրաս ազդած է այդ ամէնը”,– կը յիշէ լուսանկարիչը ու կ՚աւելցնէ, որ զիրենք ցնցած են թուրք դեսպաններու դէմ Հայերու մահափորձերը, որոնց դէմ եղած են, բայց գիտակցած, որ այդ գործողութիւններուն շնորհիւ կը բարձրացուէր Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Օտարները հարցուցած են, թէ ինչի՞ համար կը պայքարին Հայերը, եւ հայկական համայնքներու ներկայացուցիչները սկսած են պատմել Ցեղասպանութեան մասին:
Անթուան Ակուճեան մեծ ցնցում ապրած է նաեւ 1988-ի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի օրերուն: “Այդ ժամանակ մենք կը դիտէինք «Արմէնփրէս»-ի լուսանկարիչ Մխիթար Խաչատրեանի լուսանկարները՝ դէպքի վայրէն: Շատ զգածուած էինք, երբ Շառլ Ազնաւուր եկաւ Հայաստան՝ օգնութիւն ցուցաբերելու: Մենք եւս կ՚ուզէինք ձեւով մը աջակցիլ: Եկայ Հայաստան եւ տարի մը հոս մնացի: Նոյն այդ շրջանին սկսայ զբաղիլ լուսանկարչութեամբ, բայց՝ սիրողական: Կը նկարէի օտար կազմակերպութիւններու համար: Երբ վերադարձայ Ֆրանսա, իմ աշխատանքներու հիման վրայ գիրք-ալպոմ հրատարակուեցաւ: Ահա այդպէս սկսաւ իմ պատմութիւնը”,– կ՚ըսէ լուսանկարիչը:
Նոյն այդ շրջանին Ակուճեան որոշած է լուսանկարչութեան միջոցով աշխարհին պատմել Հայերու եւ հայութեան ժառանգութեան մասին: 2000 թուականէն սկսած է ճամբորդել տարբեր երկիրներ, ուր ալ առիթ ունեցած է հայկական հետքեր գտնելու: Եղած է՝ Վրաստան, Լիբանան, Սուրիա, Իրաք, Իրան, Իսրայէլ, Թուրքիա: Լուսանկարած է պատերազմներ, հակամարտութիւններ եւ իր աշխատանքները վաճառած է միջազգային լրասփիւռներու: Կ՚ըսէ՝ միշտ լսած ու հետեւած է փոքրիկ ուրուականներուն՝ Ցեղասպանութիւնը վերապրողներուն, որոնք միշտ իր հետ են: Ակուճեան լուսանկարչութիւնը կը բաղդատէ լեռնագնացութեան հետ. կա՛մ պէտք է մինչեւ վերջ բարձրանալ, կա՛մ՝ իջնել: Ինք որոշած է մինչեւ վերջ բարձրանալ ու ստեղծել իր իւրայատուկ աշխարհը:
Ակուճեան միշտ սիրած է ազատութիւնը եւ չէ ուզած, որ ոեւէ մէկը իշխէ իրեն, այդ պատճառով ալ ինք դասաւորած է իր մասնագիտական կեանքը՝ հրաժարելով գրաւիչ շարք մը առաջարկներէ: “Երբ 1997 թուականին մեկնեցայ Թուրքիա, վախ կար, բայց նաեւ հաճոյք կար: Գիտէի՝ ինչ որ կ՚ընեմ ոեւէ մէկը չէ ըրած: Ես պէտք է մեր ժառանգութիւնը փոխանցեմ մեր երախաներուն, մեր սերունդներուն: Ինչո՞ւ ապրինք, եթէ ոչինչ պիտի ստեղծենք: Պէտք է ստեղծել բան մը, որով կը կարողանանք օգնել միւսներուն: Միշտ այդպէս մտածած եմ: Պատմութիւն շատ կարդացած եմ, որովհետև այն վայրերը, ուր պէտք էր երթայի, կապ ունէին մեր պատմութեան հետ։ Այդպէս հասունցայ, եւ այժմ կրնամ ազատ խօսիլ”,– կը նշէ լուսանկարիչը, որ իր հայրենակիցներու կողքին եղած է նաեւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն:
Փափաքած է Արցախի մէջ աշխատիլ այնպէս, ինչպէս կ՚աշխատէր Իրաք եղած ատենը՝ համագործակցելով ջոկատի մը հետ, սակայն նման հնարաւորութիւն լուսանկարչին գրեթէ չէ ընձեռուած: “Երբեմն ջոկատի մը հետ կ՚երթայի ռազմի դաշտ եւ կը վերադառնայի, երբեմն՝ վարորդիս հետ: Եղած եմ Մարտունի, Մարտակերտ, Աղդամ, Քարվաճառ: Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ մոմ վառելու կարիքը շատ կը զգայի ու յաջողեցայ իրագործել փափաքս: Կը ձգտէի լուսանկարել պատմութեան համար: Վտանգաւոր կամ անվտանգ՝ պէտք է գտնել լաւ լուսանկարներ մեր պատմութեան համար, իսկ պատերազմի թեման շատ կարեւոր էր: Երբ պատերազմներ սկսան Իրաք, Սուրիա, անմիջապէս մեկնեցայ, որովհետեւ կապ կը տեսնէի մեզի հետ: Չգացի որպէս ռազմական լրագրող, այլ որպէս մարդ, որ պիտի վաւերագրէր պատմութիւնը: Եթէ նկարիչը գեղեցկութիւն կը ստեղծէ, ատոր զուգահեռ նաեւ պէտք է պատկերէ դժոխքը: Իմ աշխատանքին մէջ եւս այդպէս է”,– կը շեշտէ ան:
Արուեստագէտին համաձայն՝ «Լռութեան ճիչը. հայ յիշողութեան հետքերը» խորագրով ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած լուսանկարները ծանր են, ողբերգական, սակայն անոնց մէջ լոյս կայ: Անթուան Ակուճեան ինքզինք տխուր մարդ չի համարեր. կ՚ըսէ, որ շատ կը սիրէ քեյֆ ընել՝ ինչպէս իւրաքանչիւր Հայ։ Լուսանկարելու ատեն անկեղծ է: “Ինչ որ կը ներկայացնեմ, դժուար ժառանգութիւն է: Չեմ ուզեր, որ աշխատանքներս դիտելով մարդիկ տխրին. կ՚ուզեմ, որ հասկնան՝ պատմութիւնը տրամաբանութեան արուեստ (dialectique) է: Ինչո՞ւ Թուրքիա կը ճնշէ Քիւրտերը, որովհետեւ չ՚ընդունիր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Քանի դեռ չեն ընդունած, նոյն քաղաքականութիւնը պիտի վարեն: Իմ աշխատանքներուն մէջ պէտք է տեսնել ո՛չ թէ տխրութիւնը, այլ՝ քաղաքականութիւնը: Կան մարդիկ, որոնք կ՚ըսեն, թէ պէտք չէ այլեւս խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, բայց այնքան ատեն որ Թուրքիա կ՚ուրանայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, մենք վտանգի տակ ենք: Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը ապացուցեց ատիկա”,– կ՚ընդգծէ լուսանկարիչը:
Ան կը փափաքի յաճախ այցելել Հայաստան, շատ աշխատիլ. լուսանկարչութենէն զատ այլ բանով զբաղիլ չուզեր: Կը խոստովանի, որ ինքզինք լաւ կը զգայ հայ ժողովուրդին հետ: Մտադիր է «Լռութեան ճիչը. հայ յիշողութեան հետքերը» ցուցահանդէսը, որ Յունիսին ներկայացուց Երեւան, ցուցադրել նաեւ Արցախի մէջ: “Յատուկ վայրի մը մէջ պէտք է կազմակերպել ցուցադրութիւնը. այդ վայրը պէտք է յատուկ ճարտարապետութիւն ունենայ: Միշտ կը մտածեմ, որ վայրը եւս կենդանի մարմին մըն է ու պէտք է լսել զայն, իմանալու համար, թէ ինչպէ՛ս պէտք է կազմակերպել ցուցահանդէսը: Այդպէս առաջնորդուած եմ Երեւանի Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոնին մէջ ցուցահանդէսին: Շատ նպատակներ ունիմ ու պէտք է շարունակեմ հետաքրքրական լուսանկարներ ստեղծել: Եթէ հարիւր տարի յետոյ հայ կամ օտար պատմաբանները, ընկերաբանները փափաքին հասկնալ, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է հարիւր տարի առաջ, պէտք է կարենան իմ լուսանկարներէն եւս օգտուիլ”,– կը նշէ Ակուճեան։ Ան կը վստահեցնէ, թէ պիտի շարունակէ լուսանկարել այնքան ատեն, որքան դեռ կայ ատոր կարելիութիւնը եւ քանի դեռ կը ներէ իր ուժը։
ԱՆԺԵԼԱ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ
«Արմէնփրէս»
(արեւմտահայերէնի պատշաճեցում՝ «ՆՅ»)
Ակուճեանի լուսանկարը՝ Մխիթար Խաչատրեանի
Արխիւային լուսանկարները տրամադրած է Անթուան Ակուճեան
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։