Նոյեմբեր 20-ին, Երուսաղէմի «Կիւլպէնկեան» մատենադարանի տեսուչ եւ «Սիոն» ամսագրի խմբագիր Ներսեհ վարդապետ Ալոյեան այցելած է Հայաստանի ազգային գրադարան եւ հանդիպում ունեցած տնօրէնուհի Աննա Չուլեանի հետ:
Հայր Ներսեհ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան կողմէ Հայաստանի ազգային գրադարանին նուիրած է Երուսաղէմի մէջ տասնեակ տարիներ առաջ տպուած հատորներ:
Հանդիպումին քննարկուած են «Կիւլպէնկեան» մատենադարանին մէջ պահուող հնատիպ գիրքերու, պարբերաթերթերու բացառիկ հաւաքածոներու թուայնացման աշխատանքներու կազմակերպման վերաբերեալ հարցեր:
Այնուհետեւ Հայր Ներսեհ այցելած է Գրատպութեան թանգարան, ուր թանգարանի տնօրէնուհի Բալասան Յարութիւնեան ներկայացուցած է ցուցադրուած բացառիկ հաւաքածոն, որու «Հայ գրատպութեան Սփիւռքը» կոչուող սրահին մէջ իր պատուոյ տեղը կը գրաւէ 1866 թուականէն հրատարակուող «Սիոն» ամսագիրը:
Այցի աւարտին Հայր Ներսեհ իր տպաւորութիւնները արձանագրած է Թանգարանի մատեանին մէջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։