Search
Close this search box.

Երեւան եւ Լոս Անճըլըս փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած են

Պաշտօնական այցով Միացեալ Նահանգներ ժամանած Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան հանդիպում ունեցած է Լոս Անճըլըսի իր պաշտօնակից Քերըն Պեսի հետ:

Երկկողմ համագործակցութեան ծիրէն ներս քաղաքապետերը առանձնացուցած են տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կիրարկումը քաղաքային տնտեսութեան տարբեր բնագաւառներու մէջ:

Ընդգծելով Լոս Անճըլըսի փորձառութիւնն ու արձանագրած յաջողութիւնները վերոնշեալ կալուածին մէջ՝ Տիգրան Աւինեան համոզում յայտնած է, որ ան կրնայ օգտակար ըլլալ նաեւ թուային վերափոխման ճամբով անցնող Երեւանի համար:

Քաղաքապետ Քերըն Պես իր կարգին նշած է, թէ Լոս Անճըլըս կանգնած է զուգորդուած քաղաք Երեւանի կողքին եւ պատրաստ է իր փորձառութիւնն ու «խելացի» լուծումները փոխանցել՝ նախաձեռնուած բարեփոխումները կեանքի կոչելու համար:

Պաշտօնական հանդիպումին յաջորդած է թուային վերափոխման նուիրուած փոխըմբռնման յուշագրի ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ստորագրուած փաստաթուղթը՝ արհեստագիտութիւններու օգտագործումով բարձրորակ ծառայութիւններ մատուցելու եւ «խելացի» լուծումներ մշակելու նպատակին պիտի ծառայէ։