Search
Close this search box.

ԵՐԵՒԱՆ – «Էրեբունի-Երեւան» երգը՝ Փլասիտօ Տոմինկոյի եւ Ջուլիանա Գրիգորեանի կատարողութեամբ

Հոկտեմբեր 8-ին, «Արամ Խաչատրեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցած է միջազգային հռչակ վայելող սպանացի թենոր Փլասիտօ Տոմինկոյի համերգը՝ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ՝ Էդուարդ Թոփչեանի ղեկավարութեամբ, Երեւանեան 16-րդ միջազգային փառատօնի շրջանակին մէջ։

Սոյն բացառիկ երեկոյթին Տոմինկոյի կողքին հանդէս եկած է հայազգի սոփրանօ, Operalia 2022 համաշխարհային մրցոյթի առաջին մրցանակակիր Ջուլիանա Գրիգորեան։ Համերգի ընթացքին վերջինս պարգեւատրուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան ոսկէ մետալով, ձեռամբ նախարար Ժաննա Անդրէասեանի։

Տոմինկոյի եւ Գրիգորեանի միասնական կատարողութեամբ հնչած է «Երեւան-Էրեբունի» երգը, մեծապէս խանդավառելով ունկնդիրները։

Համերգին հնչած են նաեւ արիաներ, զուգերգեր եւ նախերգանքներ՝ յայտնի օփերաներէ, ինչպէս նաեւ սիրուած միջազգային մեղեդիներ:

Տեսանիւթը՝

https://www.facebook.com/share/v/15TxMZpXRN/