Search
Close this search box.

ԵՐԵՒԱՆ – Իրանցի երկու գրողներու հայերէն թարգմանուած գիրքերուն շնորհահանդէսը

Նոյեմբեր 22-ին, «Խնկօ Ապէր» ազգային մանկական գրադարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է իրանցի գրողներ՝ Ապաս Ջհանկիրեանի «Հրէշի ստուերը» եւ Ֆահրատ Հասանզատէի «Մեղեդի չորեքշաբթի օրերուն համար» գրական ստեղծագործութիւններու հայերէն թարգմանուած գիրքերու շնորհահանդէսը։

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան հետ համագործակցաբար կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ եղած են Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի, Ապաս Ջհանկիրեան, թարգմանիչ Գէորգ Ասատրեան, գրողներ, գրաքննադատներ եւ հանրակրթական դպրոցներու աշակերտներ։

Գրադարանի տնօրէնուհի Ռուզան Տօնոյեան իր ելոյթին նշած է, թէ հայ-իրանական մշակութային կապերը ունին հազարամեակներու պատմութիւն եւ գործակցութիւնը շարունակաբար կը զարգանայ ու կ՚ամրապնդուի։

Իրանի դեսպանը յայտնած է, թէ դիւանագէտի հիմնական առաքելութիւնը խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքեր գործադրելն է եւ այդ համածիրէն ներս խաղաղութեան եւ ընթերցանութեան միջեւ խոր կապ մը գոյութիւն ունի։ “Գրադարանները խաղաղութեան տարածման վայրեր են։ Այն հասարակութիւնները, որոնք աւելի շատ կը զբաղին ընթերցանութեամբ, աւելի խաղաղատենչ են”,– ընդգծած է դեսպանը։

Իսկ թարգմանիչ Գէորգ Ասատրեան նշած է, թէ Իրան այսօր աշխարհին կը ներկայանայ ոչ միայն իր հնագոյն քաղաքակրթութեամբ, այլեւ մերօրեայ մշակութային նուաճումներով։ “Ապաս Ջհանկիրեան եւ Ֆահրատ Հասանզատէ ծանօթ ու սիրուած հեղինակներ են. անոնց գործերը թարգմանուած են տարբեր լեզուներով, երկուքն ալ արժանացած են թէ՛ իրանական եւ թէ՛ միջազգային շարք մը մրցանակներու։ Անոնք ունին ստեղծագործական իւրայատուկ ոճ ու ձեռագիր։ Ընթերցողը կը գրաւեն իրենց անկեղծութեամբ ու տաղանդով, զայն կը տանին առասպելներու եւ հրաշապատումներու շատ հմայիչ ու կախարդական աշխարհը՝ այդ ամէնը կապելով այսօրուան իրողութիւններու հետ”,– շեշտած է ան։

«Հրէշի ստուերը» գիրքի հեղինակ Ապաս Ջհանկիրեան ուրախութեամբ նշած է, թէ երրորդ անգամ է որ կ՚այցելէ իրեն համար հարազատ դարձած Հայաստան, ուր ունի շատ ընկերներ։ Ան ըսած է թէ պարսկերէնէն թարգմանութիւնը պատասխանատու եւ բարդ աշխատանք մըն է։ Առ այդ հեղինակը շնորհակալութիւն յայտնած է Գէորգ Ասատրեանին, Էդուարդ Հախվերդեանին եւ Անդրանիկ Խեչումեանին իրենց երկարամեայ արգասաբեր աշխատանքին համար։