«Flightradar» կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Դեկտեմբեր 11-ին, Երեւանէն դէպի Պաքու օդանաւային թռիչք կատարուած է։
«Զուարթնոց» օդանակայանի մամլոյ բանբեր Լուսինէ Մողրովեան հաստատած է լուրը, նշելով թէ միջազգային ընկերութեան մը կողմէ պատուիրուած չարթըր թռիչք մըն էր կատարուածը։ «Նման թռիչքներ տարբեր ընկերութիւններու կողմէ տարբեր օրերու՝ Պաքուէն–Երեւան եւ հակառակ ուղղութեամբ տեղի ունեցան»,– ըսած է ան՝ առանց մանրամասնելու, թէ քանի այդպիսի թռիչք կատարուած է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։