Դեկտեմբեր 8-ի երեկոյեան, տօնական մթնոլորտ տիրած է Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Վառած են Կաղանդի հսկայական ծառին լոյսերը եւ զուգահեռաբար տեղի ունեցած է հրավառութիւն։
Արարողութեան ներկայ եղած է Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան։
Ելոյթ ունեցած են գեղարուեստական խումբեր, նշանաւոր երգիչներ եւ պարային համոյթներ։
«Շահումեան» հանրապարտէզին մէջ ալ մինչեւ Յունուար 6 բաց պիտի մնայ ամանորեայ տօնավաճառը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։